2016-07-21 13:12:00

Քրաքովիայի ԵՀՕ զուգահեռ Հաւանայի մէջ երիտասարդաց փոքրիկ հաւաք


(Ռատիօ Վատիկան) Քուպայի եկեղեցւոյ նախաձեռնութեամբ  եւ Հաւանայի երիտասարդներուն կազմակերպութեամբ, Քուպայի մէջ կազմակերպուած է երիտասարդացաց փոքրիկ հաւաք մը, բոլոր անոնց համար որոնք հնարաւորութիւն  չ՝ունին մասնակցելու Քրաքովիայի երիտասարդաց 31 –րդ հաւաքին որ տեղի պիտի ունենայ 28էն 31 յուլիսին։

Քուպայի մէջ կազմակերպուած սոյն հաւաքին կէտնպատակն է ընդառաջել Ռիօ Տէ Ժաներոյի  երիտասարդաց համաշխարհային հաւաքին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած հրաւէրին, վերադառնալու իրենց թեմերը  եւ  խանդավառութիւն ստեղծելու իրենց թեմերէն ներս ինչպէս նաեւ վիթխարի երազներու ձգտելու։

Այս առթիւ,  Քուպայի երիտասարդները, Ֆրանչիսկսո Պապին յղած են նամակ մը, որուն մէջ գրած են. “Քրաքովիայի երիտասարդաց հաւաքի զուգահեռ, Հաւանայի մէջ մեծ երազանքներով կազմակերպեցինք  երիտասարդաց  փոքրիկ հաւաք մը եւ զայն կոչեցինք Gmg,  ԵՀՕ,  որովհետեւ չենք ուզեր որ ձեռնարկը լոկ տեղական եւ մեզի սեփական միջոցառում թուի, այլ կ՝ուզենք այստեղէն հաղորդութեան մէջ մնալ ու միանալ Ձեզի՝ Նորին Սրբբութիւն եւ Քրաքովիայի մէջ հաւաքուած բոլոր երիտասարդներուն։”

Նշենք, թէ Հաւանայի երիտասարդաց հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն աւելի քան 1400 երիտասարդներ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.