2016-07-21 08:31:00

Սուրբ Աթոռը կը յուսայ ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի բարեկարգումը։


(Ռատիօ Վատիկան) ''ՄԱԿ-ի ապահովական խորհուրդի բարեկարգումը պէտք է աւելիով զատորոշէ պաշտպանելու պատասխանատուութեան սկզբունքը, ապահովէ աւելի լաւ ներկայացուցչութիւն անշահախնդիր այլասիրութեան հետ միասին, ինչպէս նաեւ աւելի լաւ թափանցիկութիւն''։ Այս եղաւ Սուրբ Աթոռի ՄԱԿ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնի մօտ մնայուն դէտ գերապայծառ Պերնարտիթօ Աուզայի ՄԱԿ-ի` 19 յուլիսին գումարած Ապահովական Խորհուրդի աշխատանքի ծիրէն ներս ներկայացուցած զեկոյցի եզրակացութիւնը։

''Բարեկարգումները պէտք են առաջին հերթին նպատակ ունենան խնայել մեզ ու ապագայ սերունդը, ցեղասպանութեան ահռելի սարսափէն, զանգուածային վայրագութիւններէն, պատերազմական յանցագործութիւններէն եւ այլ լուրջ խախտումներէն ներգործուած մարդու հիմնարար իրաւունքներու դէմ եւ մարդկային միջազգային օրէնքին դէմ'' հաստատած է գերապայծառ Աուզա։  








All the contents on this site are copyrighted ©.