2016-07-21 13:19:00

Կարդինալ Թուրքսոն հարաւային Սուտանի մէջ ֆրանչիսկոս Պապի խաղաղութեան պատգամով


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Պապ մօտէն կը հետեւի Սուտանի  դաժան կացութեան, եւ  այս ուղղութեամբ նամակ մը յղած է երկրին իշխանութիւններուն, որուն մէջ խաղաղութեան ի սպաս կոչ ուղղած է''։ Այս մասին` Վատիկանի Ռատիոկայանին յայտնեց Քահանայապետական արդարութիւն եւ խաղաղութեան խորհուրդի նախագահ՝ Կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն, որ անցեալ կիրակի օր Սուտանի Ճուպա մայրաքաղաքի մայր տաճարին մէջ մատուցած է Սուրբ Պատարագի զոհը։

Անդրադառնալով Սուտան կատարած այցելութեան, ծիրանաւորը յայտնած է թէ Սուտանի ժողովուրդին փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Պապին ողջոյններն ու աջակցութեան  արտայայտութիւնները։ Կարդինալ Թուրքսոն այցելած է նաեւ բռնի տեղահանուածները,  որոնք ապաստան գտած են եկեղեցիներուն եւ դպրոցներուն մէջ։ 

՝՝Երբ մարդ մը  ստիպուած է իր օճախէն հեռանալ՝ առանց իր հետ ոչ մի բան տանելու, այսպիսի պարագաներուն կը տիրէ լոկ աղքատութիւն, այնուհետեւ հիւանդութիւններու բազմապատկում՝՝ ըսած  է Կարդինալ Թուրքսոն եւ հաստատած է թէ Հռոմի  իր գրասենեակի հետ հեռաձայնային կապ պահած է  եւ  խնդրած է շտապ դեղորայքի եւ սննդեղէնի օգնութիւններ  հայթայթել՝ Սուտանի մէջ տիրոյ հակամարտութիւններու զոհ անմեղներուն ի նպաստ։   








All the contents on this site are copyrighted ©.