2016-07-21 09:57:00

Թրամփ պաշտօնապէս Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնին հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու


Միացեալ Նահանգներու Հանրապետական կուսակցութիւնը Քլիվլընտի մէջ իր ընդհանուր ժողովին ընթացքին Տանըլտ Թրամփը յայտարարեց 8 նոյեմբերին նախատեսուած Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան իր թեկնածուն:

Թրամփ հինգշաբթի օր կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին աւարտին պիտի յայտարարէ իր թեկնածութեան որդեգրումը եւ վերադառնայ ընտրապայքարի:

70-ամեայ Թրամփ ապահոված է ընդհանուր ժողովի մասնակիցներէն 1237 պատուիրակներուն աջակցութիւնը: Ան ստացած է Նիւ Եորքէն 89 պատուիրակներու աջակցութիւնը` այդպիսով ապահովելով կուսակցութեան թեկնածուն դառնալու հարկ եղած քուէները:

«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ Ինտիանայի նահանգապետ Մայք Փենս իր կարգին պաշտօնապէս դարձած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու:

Թրամփ Զգալիօրէն Կրճատած Է Քլինթընէն
Ժողովրդականութեան Տարբերութիւնը

ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթի եւ «Էյ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանի կատարած հարցախոյզի արդիւնքները, որոնք հրապարակուած են 17 յուլիսին ցոյց կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տոնալտ Թրամփ զգալիօրէն կրճատած է ընտրողներու մօտ իր ժողովրդականութեան եւ Դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Հիլըրի Քլինթընի ժողովրդականութեան միջեւ բացը:

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն, այս տարուան նոյեմբերին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն Թրամփին ի նպաստ քուէարկելու պատրաստ են հարցախոյզի մասնակիցներուն 43 առ հարիւրը, իսկ Քլինթընին` 47 առ հարիւրը: Հարցախոյզի մասնակիցներուն 10 առ հարիւրը տակաւին չէ կողմնորոշուած:

Թեկնածուներու միջեւ տարբերութիւնը այժմ կը կազմէ 4 առ հարիւր: Անցեալ ամիս այդ տարբերութիւնը 12 առ հարիւր էր:

11-էն 14 յուլիսի միջեւ տեղի ունեցած հարցախոյզին մասնակցած են 816 քուէարկողներ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.