2016-07-20 13:18:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատկերասփռուած պատգամը Լեհաստան կատարելիք ճամբորդութեան առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 19 յուլիս 2016-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ` 27էն 31 յուլիս 2016-ին Լեհաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց, Լեհ ժողովուրդին եւ աշխարհի երիտասարդներուն որուն մէջ ըսաւ.  

՝՝Արդէն մօտ է համաշխարհային երիտասարդաց հաւաքի  31-րդ օրը,  որ զիս կը կոչէ հանդիպելու` Քրաքովիա հրաւիրուած. աշխարհի երիտասարդներուն հետ, եւ ինծի կը շնորհէ  նաեւ ուրախ առիթը հանդիպելու սիրելի Լեհ ազգին։

Ամէն ինչ պիտի կատարուի Ողորմութեան նշանին տակ, այս  յոբելինական Սուրբ տարուան ընթացքին, ինչպէս նաեւ  Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետի երախտագիտութեան եւ բարեպաշտութեան յիշատակին ներքոյ,  որ եղած է արուեստագէտը  երիտասարդաց համաշխարհային օրուան­ եւ հանդիսացած է առաջնորդը Լեհ ժողովուրդին՝ իր դէպի ազատութիւն տանող ժամանակակից ուղեւորութեան մէջ։

Սիրելի լեհ երիտասարդները, գիտեմ որ վաղուց կը պատրաստէք, յատկապէս  աղօթքով, Քրաքովիայի իմ հանդիպումս։Սրտանց շնորհակալ եմ բոլոր ձեր կատարածներուն  համար, ու  նաեւ այն սիրոյն համար որով կը գործէք։Այժմէն իսկ ձեզ կ՛ ողջագուրեմ եւ կ՝օրհնեմ։։

Եւրոպայի, Ափրիկէի,Ամերիկայի, Ասիայի եւ Ովկիանոսի  իւրաքանչիւր վայրի  սիրելի երիտասարդներ, կ՝օրհնեմ նաեւ ձեր երկիրները, ձեր փափաքները,  եւ ձեր  դէպի Քրաքովիա  քայլերը. որպէսզի  ըլլան հաւատքի եւ եղբայրակցութեան ուխտագնացութիւն։  Թող Յիսուս` Տէրը  ձեզի պարգեւէ շնորհքը  փորձարկելու ձեր անձին մէջ հետեւեալ  իր այս խօսքը. ՝՝Երանի ողորմածներուն, որովհետեւ Ողորմութիւն պիտի գտնեն՝՝ (Մատթ 5,7)

Մեծ փափաք ունիմ  ձեր հետ հանդիպելու, աշխարհին շնորհելու համար նոր համերաշխութեան նշան մը, տարբեր դիմագիծերու,  ցեղերու, լեզուներու, ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու  խճանկար մը, սակայն ամէնքս միացած Յիսուսի անունով, որ է Ողորմութեան դիմագիծը։

Այժմ՝ խօսքս կ՝ուղղեմ  ձեզի սիրելի զաւակներ ու դուստրեր Լեհաստան երկրին։ Կը զգամ, թէ ձեր մօտ գալը Տիրոջ մեծ շնորհքն մըն է ինծի համար, որովհետեւ  դուք ժողովուրդն մըն   էք , որ իր պատմութեան հոլովոյթին շրջանցեց դժուար կացութիւններ, որոնցմէ ոմանք խիստ դաժան,  եւ յառաջ գացիք հաւատքի ուժով, թիկունք ունենալով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական բազուկը։ Վստահ եմ որ Չեսթովովայի սրբավայրին ուխտագնացութիւնս ինծի համար պիտի ըլլայ ներթափանցում  սոյն տառապած հաւատքին մէջ, որ ինծի բարիք պիտի պարգեւէ։

Շնորհակալ եմ  աղօթքներուն համար, որոնց միջոցաւ կը պատրաստէք իմ այցելութիւնս։ Շնորհակալ եմ եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն,, կրօնաւորներուն, կրօնաւորուհիներուն, աշխարհական հաւատացեալներուն, յատկապէս ընտանիքներուն, որոնց իտէալապէս   կը բերեմ յետ սիւնհդոդոսական ՝՝Սիրոյ ուրախութիւնը՝՝ առաքելական յորդորագիրը ։

Ազգի մը հոգեւոր եւ բարոյական առողջականութիւնը կը յայտնուի  ընտանիքներուն ընդմէջէն . Ասոր համար Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը իր սրտին մէջ  ունէր  նշանուածները, երիտասարդ պսակեալներն ու ընտանիքները։ Շարունակեցէք սոյն ուղիին վրայ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, սոյն պատգամը կ՝ուղղեմ ձեզի, որպէս երաշխիք իմ սիրոյս։ Միացած մնանք աղօթքի մէջ եւ ցտեսութիւն Լեհաստանի մէջ՝՝։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.