2016-07-20 13:28:00

''Երանի ողորմածներուն''։ Ֆրանչիսկոս Պապին Լեհաստան այցելութեան յայտագիրը։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 20 Յուլիս 2016-ի կէսօրին,  Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ, տեղի ունեցաւ Մամլոյ Ասուլիս որուն ընթացքին Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին լրագրողներուն ներկայացուց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 27-31 Յուլիս 2016-ին,  Քրաքովիայի Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան առթիւ, Լեհաստան կատարելիք առաքելական ճամբորդութիւնը որ կը հանդիսանայ Ֆրանչիսկոս Պապին Իտալիոյ սահմաններէն դուրս  կատարած 15-րդ միջազգային ճամբորդութիւնը  մինչ Լեհաստանը կը հանդիսանայ Քահանայապետին այցելած 23-րդ երկիրը։

Յայտնենք թէ այս առաջին անգման է որ Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛այցելէ Լեհաստանը մինչ անոր նախորդներէն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը Քահանայապետութեան ընթացքին 9 անգամներ այցելած է իր Երկիրը եւ այդ 9 այցելութիւններու ծիրէն ներս 7 անգամներ հանգրուան կատարած է Քրաքովիա։ Իսկ Պենետիկտոս ԺԶ Լեհաստանը այցելած է մէկ անգամ` 2006 թուականին։

Ֆրանչիկսոս Պապին Լեհաստանի այս առաքելական ճամբորդութիւնը չի հայիր միայն երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքին այլ անոր ծիրէն ներս ընգրկուած են նաեւ այլ հանգրուաններ ինչպէս այցելութիւն Czestochowa-ի Սեւ Տիրամօր սրբավայրին եւ ''Auschwitz-Birkenau'' հրեաներու ողջակիզումի կեդրոնին։

Նորին Սրբութիւնը Հռոմէն կը մեկնի չորեքշաբթի 27 Յուլիսի յետմիջօրէի 2-ին եւ Քրաքովիայի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ օդակայան կը ժամանէ յետմիջօրէի 4-ին, ուր զինք կը դիմաւորեն երկրին Պետական ու Եկեղեցական իշխանութիւնները եւ օդակայանին մէջ տեղի ունեցող ''փրոթոքոլային'' ընդունելութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կ՛ուղղուի Նախագահական Պալատ ուր պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Երկրի նախագահին ու հանդիպում կ՛ունենայ Երկրի Պետական իշխանութիւններու եւ քաղաքացիական ու դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ անոնց ուղղելով Լեհաստան Ճամբորդութեան առաջին ճարը։

Նախագահական Պալատի մէջ ունեցած հանդիպման աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Քրաքովիայի Մայր տաճարին մէջ հանդիպում կ՛ունենայ Լեհաստանի Եպիսկոպոսներուն հետ անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը եւ վերջ տալով Լեհաստանի առաքելական այցելութեան առաջին օրուան յայտագիրին։

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութեան որպէս նստավայր ընտրած է Քրաքովիայի առաջնորդարանը եւ ամէն օր երեկոյեան, առաջնորդարանի պատշգամէն, ան պիտի ողջունէ հրապարակը համախմբուած յատուկ հաւատացեալներու խումբեր,  ճիշդ այնպէս ինչպէս սովոր էր ընել Ս﹒ ՅՊԲ Քահանայապետը։

Հինգշաբթի 28 Յուլիսին, Ճամբորդութեան երկրորդ օրը, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ինքնաթիռով կը փոխադրուի  Czestochowa-ի ''Ժազնա Կորա - Սեւ Տիրամօր'' սրբավայր ուր առանձնական այցելութիւն ու լռելեայն աղօթք կատարելէ ետք, առաւօտեան 10,30-ին, սուրբ պատարագի զոհը կը մատուցէ Լեհաստանի քրիստոնէացման 1050-րդ տարեդարձին առթիւ։ Սրբազան արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը վերադառնայ Քրաքովիա ուր երեկոյեան` առաջին հանդիպումը կ՛ունենայ աշխարհի զանազան երկիրներէն Քրաքովիա ժամանած երիտասարդներուն հետ անոնց ուղղելով իր առաջին ճառը։

Ուրբաթ 29 Յուլիսի առաւօտուն Սրբազան Քահանայապետը պիտի այցելէ Auschwitz-Birkenau հրեաներու ողջակիզումի կեդրոնները։ Իսկ յետմիջօրէին` Քրաքովիայի մէջ պիտի այցելէ Մանկաբուժարան մը մինչ երեկոյեան Քրաքովիայի ''Jordan a Błonia'' հրապարակին վրայ, Սրբազան Հայրը կը հանդիսապետէ երիտասարդներու  ճանապարհ խաչիի բարեպաշտական արարողութիւնը որուն աւարտին երիտասարդներուն կ՛ուղղէ իր սրտի խօսքը։

Շաբաթ 30 Յուլիսի յայտագրին մէջ` նախատեսուած է այցելութիւն Քրաքովիայի ''Աստուածային Ողորմութեան'' սրբավայրին, ուր Սրբազան Հայրը պիտի անցնի սրբավայրի ս﹒ Դուռէն ապա պիտի ուղղուի սրբուհի Faustina Kowalska-ի մատուռը­, ապա մի քանի երիտասարդներուն պիտի մատակարարէ ապաշխարութեան խորհուրդը։

Առաւօտեան 10,30-ին Ֆրանչիսկոս Պապ  Քրաքովիայի Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբավայրին մէջ պիտի գլխաւորէ սուրբ պատարագի արարողութիւնը որուն  իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լեհաստանի կղերական դասն ու ժառանգաւորները։ Սուրբ Պատարագի աւարտին Նորին Սրբութիւնը Քրաքովիայի Առաջնորդարանին մէջ մի քանի երիտասարդներուն հետ կը բաժնեկցի  կէսօրուայ ճաշը։

Շաբաթ 30 Յուլիսի երեկոյեան 19,30-ին ''Ողորմութեան'' Քամփուսին մէջ Նորին Սրբութիւնը կը գլխաւորէ Երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի աղօթքի հսկումը առ ի պատրաստութիւն Կիրակի օր առաւօտեան մատուցուելիք ԵՀՕ եզրափակիչ Սուրբ պատարագին որ տեղի պիտի ունենայ նոյն վայրին մէջ` Կիրակի 31 յուլիսի առաւօտեան ժամը 10-ին։

Եզրափակիչ Սուրբ պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը յայտարարէ  երիտասարդներու յառաջիկայ միջազգային հաւաքին վայրն ու թուականը։

Կիրակի 31 յուլիսի յետմիջօրէի ժամը 5-ին Նորին Սրբութիւնը հանդիպում կ՛ունենայ ԵՀՕ կազմակերպիչ կոմիտէի եւ բարերարներուն հետ անոնց ուղղելով ճառ մը, ապա կ՛ուղղուի Քրաքովիայի միջազգային օդակայան որտեղ տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն աւարտին Նորին Սրբութիւնը կը բարձրանայ օդանաւ վերջ տալով իր Քահանայապետութեան 15-րդ միջազգային ճամբորդութեան եւ ուղղուելով դէպի Հռոմ ուր ժամանումը նախատեսուած է 20,25-ին Չամփինօ օդակայան։








All the contents on this site are copyrighted ©.