2016-07-20 11:37:00

՝՝Հայութեան դէմ ապրիլին կատարուածը ոճիր է՝՝Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը


Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը հաստատած է, որ ապրիլի սկիզբը Ազրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ հայ խաղաղ բնակիչներուն ու զինուորներուն դէմ կատարուածը զինուորական ոճիր է:

«Վերջին 30 տարիներուն շրջանին մէջ ամէնէն կործանարար տագնապը ղարաբաղեան հակամարտութիւնն է, որ կը շարունակէ խլել մարդոց կեանքերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Ըստ միջազգային կառոյցին, տագնապը բաւարար ուշադրութեան չէ արժանացած միջազգային հանրութեան կողմէ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ խաղաղ բնակիչներուն ու քաղաքային կառոյցներուն վրայ  յարձակումները  միջազգային իրաւունքի խախտում են:

Մարդու իրաւունքներու միջազգային ֆետերասիոնը առանձնացուցած է ազրպէյճանցի զինուորներուն կողմէ 3 տարեցներու  սպանութիւնն ու խոշտանգումը, ինչպէս նաեւ զինուոր Քեարամ Սլոյեանի գլխատումը:

Ընդգծուած է, որ  ազգութեամբ եզիտի Քեարամ Սլոյեանի` կտրուած գլուխին լուսանկարը  տեղադրուած է ընկերային ցանցերուն վրայ` ներկայացուելով իբրեւ յաղթական աւար:

Յիշատակուած են նաեւ միւս 2 գլխատուած զինուորները:

Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ այս բոլորը զինուորական յանցագործութիւններ են:

«Սպաննուածներուն մարմիններուն խոշտանգումը միջազգային մարդասիրական իրաւունքի խախտում է», յայտարարած է միջազգային կազմակերպութիւնը:

Քաղուած Եռագոյնէն

 








All the contents on this site are copyrighted ©.