2016-07-20 12:35:00

«Մոսկուա եւ Ուաշինկթըն միասին կ՛աշխատին Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման ուղղութեամբ»


Թերթ.ամ` յղում կատարելով «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին, կը հաղորդէ, որ ամերիկեան կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան միասնաբար կ՛աշխատին շարք մը ուղղութիւններով, ներառեալ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ:

Մեկնաբանելով վերջերս Ռուսիա իր կատարած այցելութիւնը եւ այնտեղ Սուրիոյ վերաբերեալ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները` Քերրի նշած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է շարք մը հարցեր, որոնց շարքին եղած են Ուքրանիան, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղը:

«Մենք բաւական երկար զրուցած ենք Ռուսիոյ նախագահ Փութինի հետ` փորձելով յստակացնել այն քայլերը, որոնց պէտք է ձեռնարկել Ուքրանիոյ առնչութեամբ: Մենք շարք մը տարբեր հարցերու վրայ կ՛աշխատինք: Մենք նաեւ կ՛աշխատինք Լեռնային Ղարաբաղի հարցին վրայ», ըսած է Քերրի:

Յիշեցնենք, որ Քերրի 14 յուլիսին հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: 15 յուլիսին Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովն ու Քերրին բանակցած են Մոսկուայի մէջ` քննարկելով նաեւ ղարաբաղեան տագնապի լուծման վերաբերող հարցեր:








All the contents on this site are copyrighted ©.