2016-07-19 11:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը Տոմինիքեան հայրերու միաբանութեան ընդհանուր ժողովին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 16 Յուլիսին միաբանութեան հիմնադրութեան 800րդ տարեդարձին առթիւ Իտալիոյ Պոլոնիա քաղաքին  մէջ սկիզբ առաւ Տոմինքեան հայրերու (Քարոզիչներու կարգ) միաբանութեան ընդհանուր ժողովը որ  վերջ պիտի գտնէ յառաջիկայ 5 օգոստոսին։ Այս առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիր մը յղած է միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Պրունօ Քատորէին որուն մէջ ակնարկելով միաբանութեան ընդհանուր ժողովին որ տեղի կ՛ունենայ Ողորմութեան Յոբելինական տարւոյն ծիրէն ներս, իր բարեմաղթութիւնները փոխանցած է հայցելով Սուրբ Հոգւոյն շնորհքները եւ յիշեցնելով որ Եկեղեցւոյ կեանքը կռող գլխագերանը ողորմութիւնն է եւ թէ Եկեղեցւոյ առաքելական ներգործութիւնը պէտք է պարուրուի քնքշութեամբ եւ թէ անոր վկայութեան եւ ոչ մէկ աւետիսը կրնայ զրկուած մնալ ողորմութենէ։

''Եկեղեցւոյ արժանահաւատութիւնը կ՛անցնի ողորմած ու գթած սիրոյ ճանապարհէն որ նոր կեանք կը պարգեւէ եւ  քաջութիւն կը ներշնչէ յոյսով նայելու համար ապագային'' կը գրէ Քահանայապետը իր հեռագիրին մէջ ակնարկելով Սուրբ Տոմինիքոսի խարիզմին` որ եղած է ''ներումի եւ շնորհքի առաքեալ, գթասիրտ աղքատներուն նկատմամբ ու ճշմարտութեան պաշտպան'', Ան ապա կը հրաւիրէ Տոմինիքեան միաբանութեան անդամները  վկայելու ողորմութիւնը ու զայն ապրելու եւ իւրացնելու իրենց առօրեային մէջ որպէսզի ներկայ ընկերութիւնը վերագտնէ զօրակցութեան, սիրոյ եւ ներումի հրատապ կարեւորութիւնը։

Տոմինիքեան միաբանութեան ուղղուած հեռագիրի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը աղօթք խնդրելով իր առաքելութեան համար, Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր բարեխօսութեամբ բոլորին կը շնորհէ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.