2016-07-19 09:43:00

Քերրի Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ յարգելու ժողովրդավարական արժեչափերը


«Արմէնփրես»` յղում կատարելով «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձին մէջ կասկածելիներու դէմ աննախադէպ բռնաճնշումներու առնչութեամբ Թուրքիոյ կառավարութեան կոչ ուղղած է` հետեւելու ժողովրդավարական սկզբունքներուն:

Քերրի մտահոգութիւն յայտնած է Թուրքիոյ մէջ պետական յեղաշրջումի փորձէն ետք շարունակուող ձերբակալութիւններու եւ հազարաւոր պետական պաշտօնեաներու բանտարկութեան առնչութեամբ: Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը նաեւ չէ բացառած երկրին մէջ մահապատիժը վերականգնելու կարելիութիւնը:

Ամերիկեան ազդեցիկ թերթին կարծիքով` այդպիսի գործողութիւնները կը վտանգեն ժողովրդավարական սկզբունքները, իսկ ատիկա իր կարգին հարցականի տակ կը դնէ ՕԹԱՆ-ի մէջ Թուրքիոյ անդամակցութիւնը:

Քերրի թրքական կառավարութեան կոչ ուղղած է պահպանելու Թուրքիոյ մէջ անդորրութիւնն ու կայունութիւնը, ինչպէս նաեւ յարգելու ժողովրդավարական արժեչափերը` յայտարարելով, որ իրենք պիտի զօրակցին յեղաշրջումի փորձ կատարածներուն դատավարութեան ենթարկումին:

Ամերիկեան այլ ազդեցիկ օրաթերթ` «Նիւ Եորք Թայմզ»-ը իր կարգին կը հաղորդէ, որ Ինճիրլիքի ռազմակայանի հրամանատար զօր. Պեքիր Էրջան Վանը, որ ձերբակալուած էր երկրին մէջ զինուորական յեղաշրջման փորձին մասնակցելու կասկածանքով, դիմած է Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւններուն քաղաքական ապաստան ստանալու խնդրանքով:

Միացեալ Նահանգներ մերժած են անոր խնդրանքը: Զօրավարը այժմ ձերբակալուած է:

«Տողան» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ թրքական ոստիկանութիւնը երէկ մուտք գործած ու խուզարկած է Ինճիրլիք ռազմակայանը:








All the contents on this site are copyrighted ©.