2016-07-19 10:40:00

Կարդինալ Թակլէ կը հրաւիրէ ըլլալ ողորմած հօր նման։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Մանիլա քաղաքի Սուրբ Թովմաս համալսարանի մէջ, վերջերս տեղի ունեցած Նոր Աւետարանութեան մասին երրորդ համաժողովի ընթացքին որուն բնաբանն է  ''կարեկցութիւն, հասկացողութիւն եւ եղբայրսիրութիւն. Ողորմութեան Ֆիլիփինեան փորձառութիւնը''  Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ` Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը, զեկուցելով ''ողորմութեան միսիոնարներ'' նիւթին մասին հրաւիրեց` ''փոխանակ ուրիշները դատապարտել, ամէն անհատի մէջ տեսնել պարգեւ մը, որովհետեւ այդ անձերը որոնք կ՛ուզենք կղզիացնել կրնան Աստուծոյ պարգեւ մը ըլլալ եւ պարգեւները պէտք չէ թափել այլ պէտք է արժեւորել''։

Կարդինալ Թակլէ ապա յորդորեց  հաւատացեալները ըլլալ ողորմած այնպէս ինչպէս ըրաւ Յիսուս Յուդային հետ` ''կորսուած ոչխարը'', հաստատելով թէ ''դաւաճանողին համար նոյնիսկ միշտ յոյս կայ'' որովհետեւ ''Աստուած եւ ոչ մէկը կը դատապարտէ, այլ կը փնտռէ բոլոր մարդոց փրկութիւնը''։

Այս հեռանկարով Քրիստոնեաները կանչուած են ըլլալու նշան սիրոյ եւ ողորմութեան որպէսզի օգնութեան հասնին անոնց որ աշխարհէն վտարուած են – ըսաւ հուսկ Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը ակնարկելով նաեւ գաղթականութեան երեւոյթին ու գաղթականներու դժուար կացութեան։

Յայտնենք թէ Ֆիլիփինեան Կղզեխումբի մէջ Նոր Աւետարանութեան մասին կազմակերպուած այս խորհրդաժողովները պատրաստութիւն են Երկրի աւետարանումի հինգհարիւրերորդ տարեդարձին որ պիտի նշուի 2021 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.