2016-07-19 08:55:00

Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը 1986-էն մինչեւ այսօր։


(Ռատիօ Վատիկան) 1984-ի ապրիլ 22ին Ծաղկազարդի տօնին օրը, աշխարհի զանազան վայրերէն 250 հազար երիտասարդներ, ընդառաջելով՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սրբազան Քահանայապետի հրաւէրին, Սուրբ Պետրոսի Հրապարակ ժամանեցին, մասնակցելու համար 1983-ի Սուրբ Տարուայ փակման արարողութեան։ Այս առթիւ երջանկայիշատակ Քահանայապետը անոնց  յանձնեց ''խաչ'' մը որ ապա տարիներու ընթացքին դարձաւ Երիտասարդներու Համաշխարհային օրերու խորհրդանշանը։ 

12 ամիսներ ետք վերոյիշեալ հաւաքը միեւնոյն խանդավառութեամբ կրկնուեցաւ եւ Երիտասարդութեան Միջազգային Տարուայ առթիւ, 31 մարտ 1985-ին, երիտասարդները դարձեալ համախմբուեցան Սրբազան Քահանայապետին շուրջ աղօթքի, բաժնեկցութեան եւ զրոյցի հանդիպումներով։ Այս եղաւ նոր սերունդի աննախընթաց պատասխանը ՅՊԲ-ի հրաւէրին։ Ի տես այս իրողութեան ՅՊԲ քահանայապետը, 31 մարտ 1985-ին, աշխարհի երիտասարդներուն ուղղեց առաքելական թուղթ մը եւ նոյն տարուայ 20 դեկտեմբերին ան հաստատեց ''Երիտասարդութեան համաշխարհային օրը''։ 

''Երիտասարդութեան համաշխարհային Օրը'' առաջին անգամ նշուեցաւ 1986-ի մարտ 23ին` ծաղկազարդի օրը ունենալով որպէս բնաբան ս Պետրոսի Ընդհանրական Ա. Թուղթի 3 գլուխէն քաղուած 15րդ համարի հետեւեալ նախադասութիւնը ''Պատրաստ եղէք պատասխանելու ամէն անոնց որ կը հարցնեն ձեր յոյսի խօսքին մասին''։ Այդ օրէն սկսեալ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բոլոր թեմերուն մէջ երիտասարդութեան համաշխարհային օրը սկսաւ նշուիլ ամէն տարի ծաղկազարդի տօնին նոյն օրը։ Թէեւ ասոր կից, ամէն երկու կամ երեք տարին անգամ մը, վերոյիշեալ հանդիպումը կը ստանձնէ Միջազգային հաւաքի հանգամանք եւ համայն աշխարհէն երիտասարդներ կը հանդիպին Սրբազան Քահանայապետի կողմէ որոշուած մէկ քաղաքի մը մէջ, որպէսզի միասին խորհրդածեն ու զեկուցեն իրենց հաւատքի մասին եւ ունկնդրեն Սրբազան Քահանայապետի կողմէ այդ առթիւ իրենց ուղղուած պատգամները ։

31 տարիներէ ի վեր երիտասարդութեան համաշխարհային օրը կը ներկայանայ որպէս երիտասարդութեան համար հաւատքի զօրեղ փորձառութիւն որ երիտասարդները, իրենց ամբողջ խանդավառութեամբ եւ լաւատես ապագայի յոյսի զգացումներով, կը դասէ որպէս եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան գլխաւոր դերակատարներ։ 

''ԵՀՕ'' ուրախութեան եւ հաւատքի ուխտագնացութիւն մը։

Երիտասարդութեան միջազգային առաջին հաւաքը տեղի ունեցաւ, 26 տարիներ առաջ, 1987-ին՝ (11-12 ապրիլ) Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ունէր որպէս բնաբան ''Մենք ճանչցանք եւ հաւատացինք Աստուծոյ սէրը զոր ունի մեզի հանդէպ''։ 

Երկրորդ միջազգային հանդիպումը նշուեցաւ 1989-ին՝ Սպանիայի Սանթիակօ Տէ Քոմբոսդելլայի մէջ, ապա 1991-ին՝ ՅՊԲ-ի երջանկայիշատակ Քահանայապետի ծննդավայր` Լեհաստանի Չէսթոխովայի մէջ ։ 

Անկէ երկու տարիներ ետք երիտասարդները հաւաքուեցան Միացեալ Նահանգներու Տէնվէր քաղաքին մէջ, իսկ 1995 ին՝ ժամադրուեցան Մանիլա։ 1997-ին Փարիզ եւ ապա 2000-ին՝ Յոբելենական Տարւոյն առթիւ, Հռոմ՝ ուր այս աւելի քան 2 միլիոն երիտասարդներ խուժեցին Իտալիոյ Մայրաքաղաքը միասնաբար երգելով ''Նոյն լոյսին տակ եւ Անոր խաչին ոտքին''։

Նոյնիսկ իր ալեհեր եւ հիւանդ կացութեամբ ՅՊԲ-ը չուզեց մինակ թողուլ երիտասարդները եւ 2002-ին, Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ իրենց հետ միասին նշեց երիտասարդութեան համաշխարհային 17-րդ օրը որ եղաւ նաեւ ՅՊԲ-ի վերջինը։ 

Անոր մահէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ-ը եւս ուզեց շարունակել իր նախորդին ուղին, եւ 2005-ի օգոստոսին Գերմանիոյ Քոլոնիա քաղաքին մէջ հանդիպեցաւ երիտասարդներուն։ Հանդիպում մը որ կրկնուեցաւ 2008-ի յուլիսին Աւստրալիոյ Սիտնէյ քաղաքին մէջ, եւ 2011-ի օգոստոսին Սպանիոյ Մատրիտ քաղաքին մէջ։ Այդ հաւաքի աւարտին Պենետիկտոս ԺԶ ժամադրութիւն տուած էր բոլոր երիտասարդներուն հանդիպելու Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ քաղաքին մէջ նշելու համար երիտասարդութեան համաշխարհային 28րդ օրը։ Սակայն 2013-ի 28 փետրուարին ներկայացուցած հրաժարականի բերումով, այդ հաւաքը գլխաւորեց անոր յաջորդը` Պուէնոս Այրէսի երբեմնի եպիսկոպոս` Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոյ - ֆրանչիսկոս քահանայապետը որ Քահանայապետութեան առաջին միջազգային ճամբորդութիւնը կատարեց Պրազիլի Ռիօ Տէ Ժանէյրօ  (22-28 յուիս), խրախուսելով այնտեղ համախմբուած միլիոնաւոր երիտասարդները որպէսզի Յիսուսի խօսքին հետեւելով ''երթան եւ աշակերտեն բոլոր ազգերը''։ Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ կայացած երիտասարդութեան համաշխարհային հաւաքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ յայտարարեց թէ յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենար Սուր Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ծննդավայրին մէջ Քրաքովիա։  








All the contents on this site are copyrighted ©.