2016-07-19 09:29:00

Գերմանիա. 17 ամեայ Աֆղանիստանցի մը կացինով վիրաւորած է 4 հոգիներ։


Գերմանիոյ Պաւարիա նահանգի ոստիկանութեան բանբերը երէկ կէս գիշերին հաստատեց, որ հարաւային Գերմանիոյ Վուրցպուրկ շրջանի գնացքներէն մէկուն մէջ կացինով յարձակում գործողը սպաննուած է ապահովութեան ուժերուն փամփուշտով:

Նշենք, որ գերմանական լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Վուրցպուրկի գնացքներէն մէկուն մէջ կացինով զինուած անհատը որ յարձակում գործած է գնացքի ճամբորդներուն վրայ եւ վիրաւորած 4 անհատներ` 17 ամեայ Աֆղանիստանցի գաղթական մըն է։ Վիրաւոր անհատները բոլորն ալ Հոնկ Քոնկ-էն են եւ անդամ երեք ընտանիքներու։ 

Յարձակումին դրդապատճառները տակաւին անյայտ են:








All the contents on this site are copyrighted ©.