(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ 16 յուլիս 2016-ին Ուաշինկթընի մէջ`Աւետարանութեան ու աղօթքի “Pulse” ընկերակցութեան կազմակերպած “Together 2016” համամիութենական երիտասարդական հաւաքին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը լսատեսողական պատգամ մը յղած է ձեռնարկին մասնակցող երիտասարդներուն որուն մէջ ընդգծած է թէ Աստուած ոչ մէկը յուսախաբ կը թողու, հրաւիրելով երիտասարդները մասնակցիլ վերոնշեալ հաւաքին ''որտեղ կարելի է, ըսած է Քահանայապետը, հանդիպիլ Անձի մը որ կարող է պատասխան տալ բոլոր անհանգստութիւններուդ''։
Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ աւելցուցած է ''վստահ եղիր` Աստուած ոչ մէկը յուսախաբ կը թողու'', ապա հրաւիրած է երիտասարդները փորձարկելու այդ հանդիպումը ըսելով '' Յիսուս քեզ կը սպասէ, Ինքն է որ սրտիդ մէջ ցանեց ''խռովութեան'' սերմը։ Քաջութիւն։ Բան չունիս կորսնցնելիք։ Փորձէ։ Ապա ինծի հեռաձայնէ''։
All the contents on this site are copyrighted ©. |