2016-07-18 09:57:00

Մայր Աթոռը ողջախոհութեան կոչ կ՝ուղղէ Երեւանի մէջ զինեալ յարձակում իրագործածներուն


Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի միաբանութիւնը խորապէս մտահոգուած են վերջին օրերուն ՀՀ Ոստիկանութեան պարեկապահակային ծառայութեան գունդին վրայ զինուած յարձակման առիթով, որուն պատճառով զոհուած է մէկ ոստիկան, ուրիշներ` որոնց մէջ նաեւ յարձակում իրականացուցածներէն, ստացած են մարմնական վնասուածքներ, կան պատանդներ:

Ինչպէս կը տեղեկացնեն Մայր Աթոռի մամուլի դիւանէն, տարածուած հաղորդագրութեան մէջ, մասնաւորապէս, կը նշուի,- «Զինուած ծայրայեղական նման գործողութիւնները չունեն արդարացում: Այսօր մեր ժողովրդի համախմբուածութիւնը, համազգային համերաշխութիւնը եւ միասնականութիւնը կենսական են եւ հրամայական` մեր երկրի սահմաններն անառիկ պահելու եւ հայոց պետականութիւնն ամուր եւ ապահով պահպանելու համար:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը ողջախոհութեան է կոչում զինեալ յարձակումն իրագործած անձանց` յորդորելով իրավիճակը հանգուցալուծել բացառապէս խաղաղ ճանապարհով, խուսափելու համար մարդկային նոր կորուստներից:

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի կողմից յանձնարարական է տրուել ՀՀ Ոստիկանութեան հոգեւոր խորհրդատու Գերաշնորհ Տ. Առաքէլ արքեպիսկոպոս Քարամեանին` մշտական կապի մէջ մնալ իրաւապահների հետ, անմիջաբար հետեւել իրադարձութիւնների զարգացմանը եւ պարբերաբար զեկուցել իրավիճակի մասին»:








All the contents on this site are copyrighted ©.