2016-07-18 09:53:00

Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձ- 6000 անձ ձերբակալուած - Միջազգային հակազդեցութիւններ


Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարար Պեքիր Պոզտաղ յայտնեց, որ ուրբաթ օր տեղի ունեցած յեղաշրջումի ձախողած փորձի հարցով ձերբակալուած են շուրջ 6000 անձեր` նշելով, թէ կը նախատեսուի, որ այդ թիւը բարձրանայ:

Ձերբակալուածներուն շարքին մէջ են բարձրաստիճան զինուորականներ, ինչպէս` Ինճիրլիքի ռազմակայանի հրամանատարը, Էրտողանի զինուորական հարցերու խորհրդականը եւ անոր երկու թիկնապահները: Երէկ արեւմտեան Տենիզլի նահանգին մէջ ձերբակալուեցան 50 բարձրաստիճան զինուորներ: Ձերբակալուած են նաեւ 2700 դատաւորներ:

Ձերբակալուած է 3-րդ բանակի հրամանատար զօր. Էրտալ Էօզթուրք, 2-րդ բանակի հրամանատար զօր. Ատեմ Հուտութի,  սպայակոյտի նախկին պետ, Աքըն Էօզթուրք, Տենիզլիի զօրանոցի հրամանատար զօր. Էօզհան Էօզպաքիր: Պոզտաղ ձերբակալութիւնը նկատեց «մաքրագործման գործողութիւն» մը:

8 թուրք զինուորներ, որոնք փախուստ տուած էին Յունաստան եւ քաղաքական ապաստանի դիմում կատարած, յունական դատարանի մը կողմէ կը դատուին` ապօրինի կերպով երկիր մուտք գործած ըլլալու յանցանքով: Զանոնք փոխադրած ուղղաթիռը վերադարձուած է Թուրքիոյ: Անոնց փաստաբանը յունական պատկերասփիւռի կայանի մը յայտնեց, որ անոնք չեն մասնակցած յեղաշրջումին, սակայն Յունաստան ապաստանած են, երբ թրքական ոստիկանութիւնը անոնց վրայ կրակ բացած է: Թուրքիա անոնց արտայանձնումը կը պահանջէ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ յեղաշրջումին ետին կանգնողները սուղ գին պիտի վճարեն: Ան յեղաշրջումը նկատեց «Աստուծմէ պարգեւ մը… որովհետեւ ասիկա պատճառ պիտի ըլլայ մեր բանակը մաքրագործելու»:

Երէկ, յեղաշրջումի զոհերու յուղարկաւորութեան ընթացքին Էրտողան իր արտասանած խօսքին մէջ թուրք ժողովուրդին կոչ ուղղեց` ամբողջ շաբաթ մը չհեռանալու փողոցէն: Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահական պալատը շաբաթ օր յայտնած էր. «Յեղաշրջումի մէկ այլ փորձ մը կրնայ կատարուիլ, ուստի պէտք է փողոցը պահենք վերահսկողութեան տակ»:

Էրտողան իսլամ քարոզիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի շարժումը ամբաստանեց յեղաշրջումին ետին կանգնելու յանցանքով եւ նշեց. «Արդարադատութեան եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն ճամբով նամակներ յղեցինք` պահանջելով արտայանձնել այդ մարդն ու անոր հետեւորդները, եւ կը յուսամ, որ այս հարցը ուշադրութեան արժանանայ: Յեղաշրջում կատարած այս անձերը դժբախտաբար պարզապէս Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ են, եւ մենք զանոնք պիտի հետապնդենք»:

Նշենք, որ Թուրքիոյ խորհրդարանը շաբաթ օր արտակարգ նիստ մը գումարեց: Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ նիստին ընթացքին խօսք մը արտասանելով յայտնեց, որ յեղաշրջումի փորձը ձախողած է: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ժողովուրդին եւ նշեց, որ բանակի սպայակոյտի պետը ազատագրուած է եւ վերստանձնած իր պաշտօնը:

Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլու ժողովուրդին կոչ ուղղեց` յեղաշրջումի փորձին դէմ համախմբուելու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը հաղորդէ, որ յեղաշրջումի փորձին պատճառով արձանագրուած է 300 զոհ, որոնցմէ 190 քաղաքացի: Վիրաւորներուն թիւը 1400 է:

 

 

Միջազգային Հակազդեցութիւններ

 

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էրօ յայտնեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ վստահելիութեան շուրջ հարցականներ գոյութիւն ունին»: «Յեղաշրջումի փորձի ձախողութիւնը քարթ պլանշ մը չի տար Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին պետութեան մէջ մաքրագործում կատարելու»:

Քրեմլին յայտարարեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնած է Էրտողանին եւ անոր կոչ ուղղած` յեղաշրջումի փորձէն ետք սահմանադրութեան հակասող քայլերու չդիմելու` յոյս յայտնելով, որ ռուս զբօսաշրջիկները յեղաշրջումի փորձէն ետք հարկ եղած պաշտպանութիւնը կ՛ունենան:

«Ռուսիա հակասահմանադրական քայլերն ու բռնարարքները կը նկատէ անընդունելի եւ կը յուսայ, որ Թուրքիոյ մէջ հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը վերադառնան», շեշտած է Փութին: Երկու նախագահները յայտնած են, որ մօտ օրէն պիտի ունենան հանդիպում մը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիոյ մէջ քաղաքական վատ կացութիւնն ու ահաբեկչական սպառնալիքները առաւել եւս կը վտանգեն աշխարհին վրայ եւ տարածաշրջանին մէջ կայունութիւնը` աւելցնելով, որ Մոսկուա կը հաստատէ թրքական օրինական իշխանութիւններուն հետ միացեալ ու շինիչ կերպով աշխատելու իր պատրաստակամութիւնը:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց. «Թուրքիոյ հարցերը պէտք է լուծել առանց բախումներու եւ սահմանադրութեան ծիրին մէջ, զոր պէտք է յարգել»:

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարեց, որ պէտք է յարգել Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական կարգը: Անոր բանբերը` Շթեֆան Զայպերթ զօրակցութիւն յայտնեց «Թուրքիոյ ընտրուած կառավարութեան»:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ զարգացումներուն նկատմամբ, իսկ Եւրոպական Միութիւնը կոչ ուղղեց` «հանդարտութեան եւ ժողովրդավարական համակարգը յարգելու»:

Թուրքիոյ մէջ յեղաշրջումի փորձէն ետք, Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի շաբաթ օր Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդը հրաւիրեց ժողովի մը: Խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանի շաբաթ օր յայտնեց, որ Իրան կ՛աջակցի Թուրքիոյ օրինական կառավարութեան եւ դէմ է Թուրքիոյ անվտանգութեան եւ կայունութեան վնասող, ինչպէս նաեւ թուրք ժողովուրդին հիմնական շահերուն հակասող որեւէ քայլի:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մուհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց. «Խորապէս մտահոգ ենք Թուրքիոյ մէջ տիրող ճգնաժամին նկատմամբ…: Կայունութիւնը, ժողովրդավարութիւնն ու անվտանգութիւնը թուրք ժողովուրդին համար ամէնէն կարեւորն են»:

ԻՐՆԱ շաբաթ օր հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հետ բոլոր սահմանային անցքերը անժամկէտ կերպով փակուած են:

Իրաքի վարչապետ Հայտար Ապատի իր կարգին իր երկրին նախարարաց ազգային անվտանգութեան հարցերով սեղմ խորհուրդի արտակարգ ժողովի մը հրաւիրեց` քննարկելու համար Թուրքիոյ մէջ զարգացումները:

Միացեալ Նահանգներ, Ֆրանսա եւ Բրիտանիա Թուրքիա գտնուող իրենց քաղաքացիները յորդորեցին դուրս չգալ իրենց բնակարաններէն եւ հեռանալ լարուածութեան վայրերէն:

Քաղուած Ազդակ-էն








All the contents on this site are copyrighted ©.