2016-07-17 12:16:00

Ֆրանչիսկոս Պապ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին մօտիկութիւն յայտնեց Ֆրանսացի ժողովուրդին։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 17 Յուլիս 2016-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին իր մօտիկութիւնը յայտնեց համայն Ֆրանսայի ժողովուրդին­, անցեալ օր Նիսի ոճրագործ արարքի պատճառած մարդկային կորուստներուն համար։

Աղօթքին սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը ներշնչուելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումէն խորհրդածութիւն մը ներկայացուց որուն մէջ ակնարկեց Յիսուսի Ղազարոսի երկու քոյրերուն` Մարիամի եւ Մարթային տուած այցելութեան (Ղուկ 10­, 38-42) ու անոնց Յիսուսին վերապահած ընդունելութեան։ Մարիամ ու Մարթան տարբեր ձեւով կը հիւրընկալեց Յիսուսը­, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Մարիամը կը նստի Յիսուսին մօտ ու մտիկ կ՛ընէ Անոր խօսքերուն, մինչ Մարթան կը ծառայեր ներկաներուն։ Երբ այս վերջինս Յիսուսին նկատել կու տայ թէ քոյրը առանձին թողած է զայն Յիսուս Անոր կը պատասխանէ  ''Մարթա,Մարթա, դուն կը մտահոգուիս շատ մը բաներով սակայն մէկ բանի կարիքը կայ միայն։ Մարիամը ընտրեց ամենակարեւորը''։ Հիւրը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ոչ միայն պէտք է լոկ կերակրուի, խնամուի ու ծառայութիւն ընդունի, այլ` ամենէ առաջ պէտք է ընդունուի որպէս անձ­, իր պատմութեամբ, իր մտածումներով եւ զգացումներով եւ ունկնդրուին անոր խօսքերը այնպէս որ ինքզինք զգայ որպէս իր տան մէջ։

Հիւրընկալութիւնը որ ողորմութեան ներգործութիւններէն մին է, այսպէսով կը դառնայ մարդկային եւ քրիստոնէական առաքինութիւն։ Առաքինութիւն մը որ կորուստի մատնուած է այսօրուայ աշխարհին մէջ։ Արդարեւ կրկնապատկուած են  խնամակալութեան ու տարեցներու կեդրոնները թէեւ այդ կեդրոններու մէջ յաճախ իսկական հիւրընկալութիւն չի գործադրուիր։ Եւ մինչ կը բազմապատկուին այդ կեդրոններու բացումը միշտ աւելիով ան որ օտար է­, մեկուսացուած է եւ մէկդի դրուած դժուարաւ կը գնտէ անձ մը որ պատրաստ է իրեն մտիկ ընել։ Նոյնիսկ  տուներուն մէջ,  ընտանեկան յարկերուն տակ աւելի դիւրին է գտնել տարբեր տեսակի խնամակալութեան ծառայութիւններ քան ընդունելութիւն եւ ունկնդրութիւն։
Թող Սուրբ Կոյս Մարիամը­, ունկնդրութեան Մայրը եւ հոգատար ծառայութիւնը մեզի սորվեցնէ ըլլալ հիւրընկալող մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն նկատմամբ, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը ապա արտասանեց Մարեմեան աղօթքը եւ աղօթքէն ետք ողջոյնի խօսք ուղղելով հրապարակը համախմբուած հաւատացեալներու եւ ուխտաւորներու հոծ բազմութեան ակնարկեց անցեալ օրերուն Նիս քաղաքի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական արարքին ըսելով.
Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր­, մեր սրտերուն մէջ տակաւին թարմ է յիշատակը այն կոտորածին որ անցեալ հինգշաբթի գիշերը, Նիսի մէջ, յօշոտեց այնքան բազմաթիւ անմեղ կեանքեր։ Մօտիկ եմ սգացող ամէն մէկ ընտանիքին ու Ֆրանսայի համայն ժողովուրդին։ Աստուած­, Հայր Բարի, թող ընկալէ բոլոր զոհերը իր խաղաղութեան մէջ եւ թիկունք կանգնի վիրաւորներուն ու մխիթարէ անոնց ընտանիքները։ Ան թող փարատէ մահու եւ սարսափի որեւէ ծրագիր որպէսզի ոչ մէկ մարդ համարձակի իր եղբօր արիւնը թափել։
Սրբազան Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց միասնաբար աղօթել բոլոր զոհերուն համար ապա ողջունեց հրապարակը համախմբուած զանազան խումբերը եւ բոլորին մաղթեց Բարի Կիրակի խնդրելով, ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.