2016-07-16 10:05:00

Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած են 754 զինուորականներ, որոնք փորձած են յեղաշրջում կատարել


Թուրքիոյ իրաւապահները  յայտարարած են, որ ձերբակալած են 754 զինուորականներ, որոնք փորձած են երկրին մէջ յեղաշրջում կատարել: Անոնք բոլորը զրկուած են իրենց կոչումներէն: Այս մասին կը հաղորդէ panorama.am-ը՝ վկայակոչելով ՌԻԱ Նովոսթին:

Կը հաղորդուի, որ երկրին մէջ յեղաշրջման փորձէն ետք 5 զօրավար եւ 29 գնդապետ ազատուած են իրենց աշխատանքէն:

«Անատօլու» գործակալութիւնը հաղորդած 90 զոհի եւ1154 վիրաւորի մասին։

Յիշեցնենք, որ այս գիշեր Թուրքիոյ մէջ մի խումբ զինուորականներ ռազմական յեղաշրջման փորձ իրականացուցին: Անգարայի եւ Պոլսոյ փողոցներ դուրս բերուեցան ռազմական սարքեր, լսուեցան կրակոցներ եւ պայթիւններ:  Նախագահ Էրտողանի կոչէն ետք կողմնակիցները դուրս եկան փողոց: Աւելի ուշ յայտարարուեցաւ, որ յեղաշրջման փորձը տապալուած է:








All the contents on this site are copyrighted ©.