2016-07-16 11:29:00

՝՝Թուրքիոյ մէջ կարիքը կայ երկխօսութեան՝՝ Անատոլիայի տեղապահը


(Ռատիօ Վատիկան) Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խանգարումներու կապակցութեամբ, Վատիկանի Ռատիոկայանը հեռաձայնային կապ պահեց Անատոլիայի  Լատինաց եկեղեցւոյ  առաքելական տեղապահ Գերապայծառ Փաուլօ Պիզզեթիին հետ, ըստ որուն Թուրքիոյ իրավիճակը շատ լարուած է եւ այդ լարուածութիւնը  կը շարունակուի։ Առաքելական տեղապահհը ապա աւելցուցած է թէ   ՝՝Թուրքիան՝ շատոնց ի վեր  լուրջ տագնապի մէջ է նաեւ Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցած հակամարտութիւններու հետեւանքով։ 

Սոյն լարուած վիճակին ի տես գերապայծառ Փաուլօ  Պիզզեթիի  երկրի   Քրիստոնեայ փոքրիկ հասարակութեան  յորդորած է  երկխօսութեան միջոց դառնալ հակառակորդներուն միջեւ, ինչպէս  նաեւ ջանալ մեղմացնել լարուածոութիւնը  ու ջանալ հասկնալ  Թուրքիոյ մէջ տիրող  սոյն անհանգստութեան իսկական պատճառները։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.