2016-07-15 10:20:00

Մանիլայի մէջ Նոր Աւետարանութեան մասին համաժողով։


(Ռատիօ Վատիկան) 15 -17 Յուլիս 2016-ին Ֆիլիփինեան կղզեխումբի Մանիլա քաղաքի Սուրբ Թովմաս համալսարանի մէջ, տեղական եպիսկոպոսներու կողմէ կազմակերպուած է Նոր Աւետարանութեան մասին երրորդ համաժողովը ''կարեկցութիւն, հասկացողութիւն եւ եղբայրսիրութիւն. Ողորմութեան Ֆիլիփինեան փորձառութիւնը'' վերտառութեամբ։

Համագումարի աշխատանքներու բացումը կը կատարէ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ Թակլէ` Մանիլայի Արքեպիսկոպոսը, որ ապա յաջորդ օրերուն զեկոյց մը կը ներկայացնէ ''ողորմութեան միսիոնարներ'' նիւթին մասին։

Համագումարի ընթացքին պիտի ներկայացուին հուսկ այլ թեմաներ որոնց շարքին ''Աստուծոյ աղմկայարոյց ողորմութիւնը` խորհրդածութիւն անառակ որդիի առակի մասին'' եւ '' ողորմութեան մարդաբանական տեսլականը'' ։

Համաժողովի աշխատանքներու փակումը կը կատարէ Ֆիլիփինեան կղզեխումբի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Ճուզեփփէ Փինթօ`  17 յուլիսին մատուցած Սուրբ Պատարագի արարողութեամբ որուն ընթացքին կը ներկայացուին ապա աւետարանութեան հայող անձնական վկայութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.