2016-07-15 09:46:00

Հայր Լոմպարտիի յայտարարութիւնը Նիսի ողբերգական արարքի մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) ի տես Ֆրանսայի Նիս քաղաքին մէջ տեղի ունեցած մարդասպան ահաբեկչական արարքին որուն պատճառաւ զոհուած են գրեթէ 84 անձ, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն եւ Ֆրանչիսկոս Պապին բանբեր` Հայր Ֆետերիօ Լոմպարտի յայտարարութիւն մը հրապարակած է որուն մէջ նշած է.

''Այս երեկոյ մեծ մտահոգութեամբ հետեւեցանք Նիսի ահաւոր լուրերուն։ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ մեր մասնակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք զոհերուն ու համայն Ֆրանսայի ժողովուրդին ցաւերուն այդ օրուան որ պէտք էր ըլլար մեծ տօնակատարութեան օր մը։

Մենք ամենայն խստութեամբ կը դատապարտենք որեւէ ատելութեան, ահաբեկչութեան մարդասպանական յիմար դրսեւորում, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան դէմ ամէն տեսակ յարձակում'' յայտարարծ է Հայր Լոմպարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.