2016-07-15 10:54:00

Կարդինալ Շերէր. Բազմաթիւ Պրազիլցի երիտասարդներ եւս կը պատրաստուին մեկնիլ Քրաքովիա։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկու շաբաթէն ընթացք կ՛առնեն Քրաքովիայի Երիտասարդութեան համաշխարհային օրերը ու հակառակ հեռաւորութեան ու Պրազիլի մէջ տիրող տնտեսական դժուար կացութեան, բազմաթիւ Պրազիլցի երիտասարդներ եւս` որոնք 2013-ին Ռիօ Տէ Ժանէյրոյի մէջ հիւրընկալած էին իրենց տարեկիցները, կը պատրաստուին մեկնիլ Լեհաստան։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Պրազիլի Սան Փաոլօ քաղաքի արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Օտիլօ Փետրօ Շերէր, որ ապա յայտնած է թէ Պրազիլցի երիտասարդները մեծ խանդավառութեամբ կը պատրաստուին այդ ժամադրութեան մինչ բազմաթիւ այլ երիտասարդներ որոնք հնարաւորութիւնը չունին մեկնելու Լեհաստան­, այդ հաւաքի մի քանի կարեւոր պահերուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն իրենց ժողովրդապետութիւններուն մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու միջոցաւ։

Կարդինալ Շերէր ապա յայտնեց թէ ԵՀՕ ընթացքին իրմէ խնդրուած է նաեւ խորհրդածութիւններ ներկայացնել ու ինք ընտրած է ողորմութեան նիւթը ներշնչուելով անշուշտ ԵՀՕ գլխաւոր նիւթէն որ է ''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն''։

Աստուծոյ ողորմութեան հետ հանդիպումը եւ ընկալուած ողորմութեան փորձառութիւնը կարեւոր է երիտասարդներուն համար ըսած է Կարդինալ Շերէր ակնարկելով Քրաքովիայի մէջ ողորմութեան երկու յատկանիշերուն` Աստուածային Ողորմութեան սրբավայրը եւ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ որ Քրաքովիայի արքեպիսկոպոս եղած էր։ Ողորմութեան պակասը, ըսած է ապա Կարդինալ Շերէր­, կը կարծրացնէ սրտերը եւ Քրաքովիայի մէջ երիտասարդները պիտի ունկնդրեն զօրեղ կոչ մը այն է միշտ բաց պահել սրտերը նոյնինքն օրէնքն ու արդարութիւնը գերազանցող ողորմութեան դիմաց։ Ողորմութիւնը որ կարողութիւնը ունի երթալու աւելի անդին` ու մօտիկ ըլլալու այն անձերուն որոնք դժուար կացութեան մէջ են ու կարիքը ունին մեր օգնութեան։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.