2016-07-15 12:10:00

Լատերանեան համալսարանը պիտի հիւրընկալէ Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Էրիթրէայէն 20 ուսանողներ


(Ռատիօ Վատիկան) Ընդառաջելով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խնդրանքին, օգնելու եւ մօտիկ կանգնելու պատերազմներէն եւ անօթութենէն  փախուստ տուող գաղթականներուն ու բռնի տեղահանուածներուն, յառաջիկայ 19 յուլիսին, Քահանայապետական Լատերանեան համալարանը համաձայնութիւն պիտի կնքէ Իտալիոյ ներքին գործոց նախարարութեան հետ, հիւրընկալելու համար 20 երիտասարդ աշակերտներ, որոնք կը գտնուին միջազգային անվտանգութեան հսկողութեան  տակ։ 

Իրաքէն, Սուրիայէն , էրիթրէյաէն ժամանած 20 երիտասարդներ, իրենց երկիրներուն մէջ տեղի ունեցող հակամարտութեան եւ հալածանքի պատճառաւ դադրեցուցած են իրենց ուսումները։ Շնորհիւ Իտալիոյ ներքին գործոց նախարարութեան եւ Քահանայապետական Լատերանեան համալսարանին անոնք պիտի կարենան շարունակել եւ աւարտել իրենց ուսումնական տարեշրջանը։

Քահանայապետական համալսարանի ընդհանուր մեծաւոր  գերապայծառ Էնրիքօ Տալ Քովոլով, համալսարանի ուսուցչական, եւ վարչական  անձնակազմի հետ միասին պատրաստակամութիւն յայտնած է  համալսարանի դռները բանալու՝ ''քիչ  մը ճամբայ կիսելու, պատերազմէն եւ դժոխքէն փախուստ տուող  երիտասարդ մեր եղբայրներուն հետ'' ըսած է Ան։  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.