2016-07-15 09:26:00

Թերեզա Մէյ կը խոստանայ գործադրել Բրիտանացի ժողովուրդին Եւրոմիութենէն դուրս գալու կամքը։


Բրիտանիոյ նորանշանակ վարչապետ Թերեզա Մէյ յայտարարեց. «Բրիտանական կառավարութիւնը որոշ ժամանակի պէտք ունի նախքան Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու բանակցութիւններուն սկսիլը»` նշելով, որ ինք այդ մասին տեղեակ պահած է Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելն ու Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտը:

Ան խոստացաւ գործադրել Եւրոպական Միութենէն դուրս գալու բրիտանացի ժողովուրդին կամքը` աւելցնելով. «Այդ բանակցութիւններուն պատրաստուելու համար որոշ ժամանակի կը կարօտինք»` յոյս յայտնելով, որ այդ մէկը տեղի ունենայ շինիչ ու դրական ոգիով:

Մինչ այդ, Մէյ նշանակած է բրիտանական կառավարութեան մէջ առանցքային նախարարները: Կառավարութեան շարք մը յառաջատար պաշտօններուն վրայ նշանակուած են Եւրոպական Միութեան դէմ եղող առաւել ականաւոր ներկայացուցիչներ:

Կառավարութեան մէջ երկրորդ կարեւոր պաշտօնը եղող Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնէն հեռացած է Ճորճ Օզպըռնը, որ կը նկատուէր նախկին վարչապետ Տէյվիտ Քամերոնին «աջ ձեռքը»: Այդ նախարարութիւնը ստանձնած է 60-ամեայ Ֆիլիփ Համընտը, որ նախապէս կը վարէր Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնը:

Ամէնէն աղմկայարոյց նշանակումը դարձած է Լոնտոնի նախկին քաղաքապետ եւ հանրաքուէի մէջ «Պրեքզիթ»-ի արշաւի ղեկավար Պորի Ժոնսընի` արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնի ստանձնումը: Նախապէս ան կը համարուէր վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու ամէնէն հաւանական դէմքը:

Ներքին գործոց նախարար նշանակուած է Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան կողմնակից, ուժանիւթի եւ կլիմայական փոփոխութիւններու հիմնախնդիրներու նախկին նախարար Ամպըր Ռատը:

Եւրոպական Միութեան կազմէն Բրիտանիոյ դուրս գալու բարդ բանակցութիւններու գլխաւորութիւնը յանձնուած է «Պրեքզիթ»-ի աջակցող Տէյվիտ Տեւիսին: 64-ամեայ քաղաքական գործիչը գլխաւորած է «Պրեքզիթ»-ի գործերու` նոր նախարարութիւնը: Պաշտպանութեան նախարար Մայքըլ Ֆելըն պահած է իր պաշտօնը:

Նշենք, որ չորեքշաբթի Տէյվիտ Քամերոն Բրիտանիոյ Եղիսաբեթ Բ. թագուհիին հետ հանդիպումի մը ընթացքին ներկայացուցած էր իր հրաժարականը: Թագուհին ընդունած էր հրաժարականը, ապա Մէյի յանձնարարած կազմել նոր կառավարութիւնը:

Մէյ դարձաւ Բրիտանիոյ պատմութեան մէջ երկրորդ կին վարչապետը. առաջինը Մարկրիթ Թաչըրն էր` «Երկաթեայ տիկինը», որ Չըրչիլէն ետք ամէնէն երկար պաշտօնավարած վարչապետն էր:








All the contents on this site are copyrighted ©.