2016-07-15 09:17:00

Երուսաղեմի Լատինաց երբեմնի Պատրիարքը պարգեւատրուած է Երուսաղեմի շքանշանով։


(Ռատիօ Վատիկան) Երուսաղեմի Լատինաց երբեմնի  Պատրիարք գերերջանիկ Ֆուատ Թուալ պարգեւատրուած է Երուսաղեմի շքանշանով՝ Պաղեստինցիներու Ապու Մազեն նախագահին կողմէ։

Պարգեւատրումի պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցած է նախագահին նստավայրին մէջ , որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են  նախագահին անձնակազմի զանազան ներկայացուցիչներ, որոնց շարքին, Տոքթ Մաժտի Ալ Խալտի՝ եկեղեցիներուն եւ քրիստոնեայ   հասարակութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքի նախագահի խորհրդատուն։

Պաղեստինեան աղբիւրներու համաձայն, Լատինաց երբեմնի պատրիարքը արժանացած է Երուասղեմի շքանշանին՝ իր  ընծայած անգնահատելի ծառայութեան համար ՝ որպէս   հոգեւոր հայր, ըլլայ Պաղեստինցի ժողովուրդին ըլլայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պաղեստինի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.