2016-07-14 09:36:00

Ֆրանսայի մէջ հիւրընկալութեան ի սպաս քարոզարշաւ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանսայի ազգային տօնին առթիւ, Հինգշաբթի 14 Յուլիս 2016-ին, Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութիւնը քարոզարշաւ մը կազմակերպած է ի սպաս հիւրընկալութեան, որուն բնաբանն է ''Ազատութիւն, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, աքսոր. նախ եւ առաջ հիւրընկալութիւն''։

Սոյն ձեռնարկին լուրը հաղորդած է Ֆրանսայի բողոքական եկեղեցիներու դաշնակցութեան նախագահ` Վերապատուելի Ֆրանսուա Քլավէրոլին որ վերջերս Հռոմ կը գտնուէր եւ ուր հանդիպում ունեցած է Իտալիոյ Աւետարանական եկեղեցիներու դաշնակցութեան նախագահ` Վերապատուելի Լուքա Մարիա Նեկրոյի հետ, որուն հետ միասին քննարկած է զանազան հարցեր որոնց շարքին միջ-եկեղեցական յարաբերութիւնները, կրօններու միջեւ երկխօսութիւնը, բարեկարգումներու 500-րդ ամեակը, աշխարհականացեալ ընկերութեան մը մէջ քրիստոնեաներու վկայութիւնը, հասարակաց տան կլիմայական փոփոխութիւնները, ընկերային արդարութիւնը, ահաբեկութիւնը, գաղթականութեան քաղաքականութիւնը, փախստականներու հիւրընկալութիւնը եւ այլ կարեւոր նիւթեր։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.