2016-07-14 10:05:00

Իրաքցի երիտասարդներու մասնակցութիւնը Քրաքովիայի Երիտասարդական հաւաքին։


(Ռատիօ Վատիկան) Իրաքի զանազան թեմերէն աւելի քան 200 երիտասարդներ յառաջիկայ օրերուն կը մեկնին Քրաքովիա իրենց մասնակցութիւնը բերելու Երիտասարդութեան Համաշխարհային հաւաքին որ տեղի կ՛ունենայ Յուլիս ամսուայ վերջաւորութեան Քրաքովիայի մէջ եւ որուն ծիրէն ներս նախատեսուած ճանապարհ խաչի բարեպաշտական արարողութեան ընթացքին այդ երիտասարդներէն ոմանք, Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, Հայր Մեր աղօթքը պիտի արտասանեն Արամէերէն` Յիսուսին խօսած լեզուով։ Այս առընչութեամբ Քաղդէացի Պասել  Եալտօ եպիսկոպոսը որ Էրպիլի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Պաշար Ուարտայի հետ միասին պիտի ընկերանայ վերոնշեալ երիտասարդներուն Ֆիետէս լրատուական գործակալութեան յայտնած է թէ այդ պահը կարեւոր պիտի ըլլայ մեզի բոլորիս համար որպէսզի ամրապնդուինք մեր հաւատքին մէջ ու Քրիստոսի համայն եկեղեցւոյ հետ հաղորդութեան մէջ։ Երիտասարդներուն պիտի ընկերանան նաեւ 10 երիտասարդ քահանաներ եւ եօթը մայրապետներ։

Երիտասարդներու միջեւ կան նաեւ ոմանք որոնք Իրաքեան պատերազմի բերումով ապաստան գտած են ու գաղթականի իրավիճակով կ՛ապրին Էրպիլի մէջ եւ նախ քան Քրաքովիա մեկնիլը` 19 յուլիսին, երիտասարդները պիտի ապրին ամփոփումի եւ աղօթքի օր մը, առ ի պատրաստութիւն այդ կարեւոր հաւաքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.