2016-07-13 10:51:00

Քոլոմպիայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի կոչը՝ երկրի խաղաղութեան ի սպաս


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ՝ 4էն -8 յուլիս 2016-ին, Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը գումարեց իր տարեկան ընդհանուր նիստը, որուն աւարտին ժողովական հայրերը հրապարակեցին պատգամ մը, որուն մէջ զօրաւոր կոչ յղեցին ի սպաս Երկրի խաղաղութեան եւ հաշտութեան,  վերջերս Հաւանայի մէջ կնքուած Երկրի կառավարութեան եւ ընդիմադիր ուժերու միջեւ համաձայնութեան լոյսին տակ։

Քոլոմպիայի Պոքոթա քաղաքին մէջ գումարուած եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի 101-րդ  տարեկան ընդհանուր նիստէն բխած  պատգամին մէջ  նշուած է ,՝՝ եկեղեցին ընդմիշտ աշխատած է բանակցութեամբ լուծել երկրի մէջ տիրող հակամարտութիւնները, ինչպէս նաեւ ջանք թափած է  կառուցել  խաղաղ ընկերութիւն մը ,  ուր  երբեք չի պակսի հաշտութիւնը , արդարադատութիւնը, եղբայրակցութիւնն ու  սէրը։

 Քոլոմպիայի Եպիսկոպոսները հրաւէր ուղղած են,  քաջութեամբ­ եւ մեծ պատասխանատուութեամբ   դիմագրաւելու երկրին մէջ տիրող անթիւ մարտահրաւէրները, եւ շարունակել կառուցել աւելի  լաւ  Քոլոմպիա մը։

Քոլոմպիայի եպիսկոպոսները ապա զգուշացուցած են  բարոյական յարաբերականութենէն,  յիշեցնելով դաստիարակչական համակարգի եւ կառավարական հաստատութեան թերութիւնները, որոնց շարքին կենսական հանրային ծառայութիւնները,  ջուրի ու սննդեղէնի  պակասութիւնը,  ընկերային անհաւասարութիւնը, կաշառակերութիւնը՝ ոչ միայն  տնտեսական այլեւ գաղափարական , սկզբունքային  եւ կեանքին արժանիքներու պակասը, որոնցմէ յառաջ կու գան մարդավաճառութիւնն ու թմրեցուցիչի  վաճառականութիւնը    

Եպիսկոպոսաց դասը մաղթանք յայտնած է, որ եկեղեցին Քոլոմպիայի մէջ կարենայ դառնալ՝ դաշտային հիւանդանոց, այսինքն այն վայրը՝ ուր պատերազմէն ետք, կարելի է սիրով նուիրուիլ եւ ամոքել անթիւ զոհերուն վէրքերը,  յոյսով դիտելու համար ապագան։

Պատգամին աւարտին Քոլոմպիայի եպիսկոպոսաց դասը  յոյս եւ մաղթանք  յայտնած է , որ  Ֆրանչիսկոս Պապ Քոլոպիան այցելէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.