2016-07-13 13:46:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Իրաւունք Եւ Ատելութիւն

Քաղաքակիրթ աշխարհին վերջին նորաձեւութիւններէն մէկն է իրաւունքի մասին խօսելու առանձնաշնորհը սեփականացնելը: Իրաւունքի պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւններու առօրեայ աշխատանքը եթէ կարելի ըլլայ քննարկել, պիտի տեսնենք, թէ անոնց պաշտօնէութեան հիմնական առաքելութիւնը աշխարհը հետապնդելու հեւքոտ գործն է: Անոնք պէտք է ամէն վայրկեան հետեւին աշխարհի բոլոր անկիւններուն մէջ պատահող դէպքերուն, տեսնելու համար, թէ մարդկային, կենդանական, բնութեան ու այլ բնագաւառներու իրաւունքները կը յարգուի՞ն:

Իրաւունքի պաշտպան կազմակերպութիւններու «ծնունդ»էն առաջ, սակայն, գոյութիւն ունէր իրաւունքի պաշտպանութիւն, որ աւելի հզօր էր ու տակաւին կը շարունակէ հզօր մնալ:

Ամէն մարդ թէ անասուն,  ի ծնէ ունի իր իրաւունքը պաշտպանելու ձգտումը իր մէջ: Մարդ էակի պարագային, բանականութեան օժանդակութեամբ անհատական իրաւունքը տարածուելով, հաւաքականութեան կամ ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան կը վերածուի: Իսկ կենդանիներու պարագային, բնազդով կատարուած իրաւունքի պաշտպանութիւնը, ընդհանրապէս երկու միտում ունի. ինքնապաշտպանութիւն եւ անսուաղութիւնը յագեցնել: Իսկ նոյնին հաւաքական տեսակը՝ խմբական ինքնապաշտպանութեան կամ որսը հաւասարապէս բաժնուելու անգիտակից նպատակը ունի:

Բոլորին պարագային ալ, սակայն, այսինքն՝ մարդկային, կենդանական թէ բնութեան, իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդիրներուն բանաձեւողը մարդն է, որ իրաւունքի պաշտպանութիւնը իր անհատական փորձառութեամբ սորված է: Ատիկա համալսարաններուն մէջ կրնայ դասաւանդուիլ, յատկապէս քաղաքակիրթ աշխարհի բարձրագոյն ուսման համակարգին մէջ կարեւոր տեղ կրնայ գրաւել: Սակայն, իրաւունքի առաջին ուսումը եւ զայն կիրարկելու մեթոտը, մարդ ի ծնէ սորված կ՛ըլլայ արդէն:

Երեխային լացն ու ճիչը, եթէ ուշադիր հետեւինք, իր իրաւունքը պաշտպանելու համար է: Նոյնիսկ կաթնկեր երեխային անգիտակից լացին մէջ իրաւունքի խնդիր կայ, որ իր անզօր վիճակին մէջ իսկ կը փորձէ պաշտպանել ան: Նոյնը կը շարունակուի պատանի տարիքին, երբ զաւակներ իրենց ծնողներուն հետ տարակարծութիւններ կ՛ունենան, ազատութեան իրաւունք պահանջելով:

Ընկերային կեանքին մէջ ամէնէն աւելի կը շեշտուի իրաւունքի պաշտպանութեան խնդիրը, յատկապէս այն երկիրներուն մէջ կամ այն հաւաքականութիւններուն պարագային, ուր հաւասարութիւն չկայ մարդոց միջեւ: Հոն, ուր դասակարգերը եւ ժողովրդային խաւերը շատ հակասական գոյներով արտայայտուած են, անպայման ընդվզում կը յառաջացնեն, պայքար կը սկսի, մինչեւ որ մարդկային իրաւանց պաշտպան միջազգային կազմակերպութիւններ միջամտեն, իրաւունքի մասին բարոյական քարոզներ տալով, անիրաւուած եւ տառապող այդ հաւաքականութեան:

Անարդարութիւնը, իրաւունքի պաշտպանութեան խնդիր կը ստեղծէ մարդկութեան կեանքին մէջ: Աշխարհի մէջ եթէ արդարութիւն ըլլար, այս բառին վաւերական իմաստով, բնականօրէն մարդոց միջեւ հաճութիւն պիտի ըլլար, ու բնականաբար ո՛չ ոք իրաւունք պիտի հետապնդէր: Սակայն, այդպիսի աշխարհ տակաւին ծանօթ չէ՛ մարդկային պատմութեան: Անարդարութիւնը ճանչնալով, արդարութիւն կը պահանջեն մարդիկ, այնպէս ինչպէս՝ ուրիշներու վայելած իրաւունքը տեսնելով, նոյն չափի իրաւունք կը պահանջեն իրաւազրկուած անձեր:

Իրաւունքի պահանջատիրութեան ամէնէն դժբախտ հետեւանքներէն մէկն է ատելութիւնը: Որքան շեշտը դրուի իրաւունքին վրայ, այնքան աւելի զգալի կը դառնայ ատելութեան աճը մարդկութեան կեանքին մէջ:

Իրաւունքի պաշտպանութիւնը, որ խորքին մէջ հաւասարութեան ձրի քարոզչութիւն ըլլալով, պէտք էր մարդիկը մօտեցնէ իրարու, եւ որպէսզի ատելութիւն չծնի, պէտք է ի՛նք հիմնուած ըլլայ արդարութեան ու հաւասարութեան սկզբունքին վրայ: Իրաւունքի պաշտպան ո՛չ մէկ անհատ կամ կազմակերպութիւն պէտք է գտնուի, որ «երկու չափ ու երկու կշիռ»ով ներկայանայ հանրութեան: Այլապէս, իր իսկ լեզուով պիտի դատուի, եւ մարդոց եւ հաւաքականութիւններու ատելութեան անդրանիկ զոհը ի՛նք պիտի դառնայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.