2016-07-13 09:19:00

Իտալիոյ մէջ արկած. նախագահ Սարգսեան կը ցաւակցի


Իտալիոյ հարաւային հատուածին մէջ` Քորաթօ եւ Անտրիա քաղաքներուն միջեւ երէկ` 12 յուլիսին երկու գնացքներ իրարու բախեցան եւ պատճառեցին 23 զոհ ու աւելի քան 50 վիրաւոր: Արկածին պատճառները տակաւին յստակ չեն, գնացքներէն մէկուն վարորդը մահացած է, իսկ միւսը ողջ է:

Այս առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իտալիոյ նախագահ Սերժիօ Մաթարելլային` զօրակցութիւն եւ ցաւ յայտնելով տեղի ունեցած արկածին համար: Ան սփոփանքի խօսք ուղղած է մահացածներուն ընտանիքներուն եւ Իտալիոյ բարեկամ ժողովուրդին, վիրաւորներուն մաղթելով շուտափոյթ ապաքինում:








All the contents on this site are copyrighted ©.