2016-07-13 14:30:00

Գերապայծառ Աուզայի ելոյթը ՄԱԿ-ի Միջին Արեւելքի հայող ներկայ կացութեան մասին։


(Ռատիօ Վատիկան)  Միջին արեւելքի կացութեան հայող ՄԱԿ-ի ընդհանուր նիստին, ելոյթ ունեցաւ  ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մնայուն դէտ Գերապայծառ Աուզա։

Ան իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ  Սուրբ Աթոռի գոհունակութիւնը  յայտնեց  ՄԱԿ-ի տածած աշխատանքներուն  համար՝միջին արեւելքի մէջ կրակմարի հաստատման ի սպաս։

Վատիկանի մնայուն դէտը անդրադարձաւ Պաղեստինեան հարցին, որ 69 տարիէ ի վեր կը շարունակուի առանց ստանալու գոհացուցիչ  որեւէ պատասխան՝  ըլլայ Պաղեստինի ըլլայ Իսրայելի կողմէ։

Ան ընդգծեց, թէ ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած  թիւ 181 բանաձեւը անաւարտ մնացած է,  եւ տասնեակ տարիներու  հոլովոյթին  տեղի ունեցած  բանակցութիւնները չեն    կարողացած  հասնիլ   համաձայնութեան մը՝ ստեղծելու համար Պաղեստինեան անկախ պետութիւն ։

Այս ուղղութեամբ Գերապայծառ Աուզա շեշտեց կարեւորութիւնը երկարատեւ խաղաղութեան  հաստատելով թէ  այս մէկը կարելի պիտի չըլլայ եւ երազ պիտի դառնայ  այն պարագային  եթէ Պաղեստինն ու Իսրայէլը քով քովի չ՝ապրին խաղաղութեամբ եւ միջազգային գետնի վրայ չի ճանչցուին որպէս երկու պետութիւններ։ 

Վատիկանի դիւանագէտը ապա անդրադարձաւ Սուրիոյ տագնապին  նշելով, թէ Սուրիոյ մէջ տակաւին կը շարունակուին մարդասպանական գործողութիւնները , եւ Սուրիոյ ժողովուրդը փախուստ տալու համար ռմբակոծումներէն կը գաղթէ դէպի ապահով վայրեր։ Այս առնչութեամբ Գերապայծառ Աուզա ՄԱԿ-ի խորհուրդին ուշադրութեան յանձնեց Քրիստոնեաներու  եւ փոքրամասնութիւններուն դէմ կատարուած հալածանքները  յարելով թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը բարին բուն իմաստով  խստիւ կը դատապարտէ ոճրագործութեան բոլոր պատասխանատուները ինչպէս նաեւ բոլոր անոնք որոնք նիւթական օժանդակութեամբ կը սատարեն զէնքերու մատակարարման։     

Զեկոյցին աւարտին վատիկանի մնայուն դէտը ՄԱԿ-ի խորհուրդին անդամներուն նկատել տուաւ, որ խաղաղութեան գործընթացը  կախեալ չէ լոկ պաշտօնական  բանակցութիւններէն ապա շեշտը դրաւ տարածաշրջանի  մշակութային հարստութիւններուն վրայ հաստատելով, թէ այդ վայրերը  քաղաքացիութեան եւ երեք միաստուածութեան կրօններուն  բնօրրանն է։   








All the contents on this site are copyrighted ©.