2016-07-12 09:31:00

Մինսկի խումբի համանախագահները կրկին պիտի այցելեն տարածաշրջան


ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահները մտադիր են կրկին այցելել տարածաշրջան, սակայն այցելութեան յստակ ժամկէտներ դեռ չեն նախանշուած:

Այս մասին ՌԻԱ Նովոսթիին յայտնած է Մինսկի խումբի Ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով: «Բնականաբար, մենք պիտի երթանք, սակայն դեռ ժամկէտ չկայ, անիկա կը քննարկուի կողմերու հետ, երբ անոնց յարմար ըլլայ` հաշուի առնելով անոնց աշխատանքային ծրագիրը»,- «Արցախփրես»-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է Փոփով:

Ան յայտնած է, որ Յուլիս 11-ին Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած է Մինսկի խումբի բոլոր անդամներուն նիստ, որուն մասնակցած են Մինսկի խումբի համանախագահներ Փոփով, Փիեռ Անտրիւ (Ֆրանսա), Ճէյմս Ուորլիք (ԱՄՆ), ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիկ:

«Ընդհանուր առմամբ այս հանդիպումը նուիրուած էր համանախագահ երկիրներուն կողմէ գործադրուած վերջին միջնորդական ջանքերուն եւ Ս․ Փեթերզպուրկի գագաթնաժողովի արդիւնքներուն տրուած գնահատականներուն: Իմ ֆրանսացի եւ ամերիկացի գործընկերները ներկայացուցած են, թէ ինչ զրոյցներ ունեցած են Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Օլանտն ու ԱՄՆ ԱԳ նախարար Ճոն Քերին: Մենք նաեւ խօսած ենք այն մասին, թէ ինչպէս կառուցել յետագայ միջնորդական աշխատանքը»,- յայտնած է Փոփով:








All the contents on this site are copyrighted ©.