2016-07-12 09:25:00

Մեկնարկեց «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի միջազգային շարժապատկերի 13-րդ փառատօնը


10 յուլիսին սկսաւ մայրաքաղաքի ամէնէն նշանակալի մշակութային իրադարձութիւններէն մէկը` «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի 13-րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնը: Մինչեւ 17 յուլիս հայ ֆիլմասէրներն ու բեմադրիչները ունին միջազգային դերասանական գլուխ գործոցները վայելելու բացառիկ կարելիութիւն:

Փառատօնին սկիզբը յայտարարուեցաւ մամլոյ ասուլիսներով, որոնց ընթացքին իրենց ժապաւէնները ներկայացուցին «Հայկական համայնապատկեր» ազգային մրցումին մասնակիցներ Գարեգին Պապոյեանը («Սխտորաշէն»), Լուսինէ Պապոյեանը («Ռատիոլա») եւ Էվելինա Բարսեղեանը («Պրաւիստը»): Մամլոյ ասուլիսին յաջորդեց «Ոսկէ Ծիրան»-ի ոչ պաշտօնական մեկնարկը խորհրդանշող ծիրանօրհնէքի աւանդական արարողութիւնը, որ այս տարի կազմակերպուած էր Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցւոյ մէջ:

Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ, անուանի այլ հայ բեմադրիչներու անունը կրող աստղերու կողքին, բացուեցան նկարիչ Ալպերթ Եաւուրեանի, բեմադրիչներ Էտմոնտ Կէոսայեանի եւ Տիմիթրի Քեսայանցի յիշատակը յաւերժացնող աստղերը: Արարողութիւնը ուղեկցուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանութեան փողային նուագախումբի կատարումներով:

Շարժապատկերի փառատօնի պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահին մէջ: Նախքան սկսիլը անուանի հիւրերը, մրցութային եւ ոչ մրցութային ծրագիրներու մասնակիցները անցան Շ. Ազնաւուրի հրապարակը տեղադրուած կարմիր գորգին վրայէն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան «Ոսկէ Ծիրան» Երեւանի միջազգային շարժապատկերի փառատօնի հիմնադիր տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան, արդէն տասը տարի փառատօնի գլխաւոր գործընկեր`   «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեան:

Այնուհետեւ ներկայացուեցան մրցութային ծրագիրին մէջ ընդգրկուած ժապաւէնները եւ դատական կազմը:

Բացման արարողութեան ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Եւրոպական շարժապատկերի ակադեմիան  Սերկէյ Փառաջանովի թանգարանը ճանչցեր է «Եւրոպական շարժապատկերային մշակոյթի գանձ»: Եւրոպական շարժապատկերի ակադեմիայի որոշումով ստեղծուած է «Եւրոպական  շարժապատկերային մշակոյթի գանձերու»  ցուցակ`  ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի համաշխարհային  ժառանգութեան  ցուցակի օրինակով, ուր պիտի ընդգրկուին պատմական շարժապատկերային արժէք ունեցող վայրեր:

Փառատօնի մեկնարկին նուիրուած հանդիսութեան յաջորդեց 13-րդ «Ոսկէ Ծիրան»-ի բացման ժապաւէնի` Համօ Պեքնազարեանի «Զարէ»-ի ցուցադրութիւնը` Վահագն Հայրապետեանի եւ անոր «ճազ»-ի խումբին` յատուկ ժապաւէնին համար գրուած երաժշտութեան կենդանի նուագակցութեամբ:

Լրատուամիջոցներուն  տրուած հարցազրոյցին մէջ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեան նշած է. «Ոսկէ Ծիրան»-ը կը նպաստէ հայկական դերասանական զարգացման` իբրեւ համաշխարհային դերասանային ճիւղին, որ ունի իր ազգային առանձնայատկութիւններն ու աւանդոյթները: Հայաստանի մշակութային կեանքի նշանակալի իրադարձութիւն դարձած փառատօնը իւրօրինակ խաչմերուկ է, ուր հայ բեմադրիչները ու այս մարզի սկսնակները, ինչպէս նաեւ ֆիլմասէր հասարակութիւնը կը հանդիպին աշխարհահռչակ տաղանդաւոր բեմադրիչներու եւ շարժապատկերի քննադատներու, որոնք կու գան Հայաստան` ներկայացնելու իրենց արուեստը եւ օգնելու աւելի հարուստ ու բազմազան դարձնելու հայկական դերասանութիւնը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.