2016-07-12 09:58:00

ՃՄՃ 2016 -''Opera Don Orione''-ի ջանքերով 200 երիտասարդներ կը մեկնին Լեհաստան։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 22-24 Յուլիս 2016-ին Իտալիայէն, Պրազիլէն, Պիելոռուսիայէն, Ուկրանիայէն, տարբեր ազգութիւններու պատկան երիտասարդներ պիտի համախմբուին Լեհաստանի մէջ ի պատրաստութիւն Քրաքովիայի 2016-ի երիտասարդներու 31-րդ հաւաքին­, որ ինչպէս յայտնի է տեղի պիտի ունենայ 26-31 Յուլիս 2016-ին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ։

Վերոնշեալ երիտասարդները այդ օրերուն պիտի մասնակցին իրենց տարեկից լեհ երիտասարդներու հետ միասին իրենց համար կազմակերպուած զանազան ձեռնարկներուն ապրելով զօրակցութեան եւ ողորմութեան փորձառութիւններ Լեհաստանի տարբեր քաղաքներու մէջ­, որպէսզի ապա փոխադրուին Քրաքովիա միանալու աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանած միւս երիտասարդներուն ու միասնաբար տօնախմբելու երիտասարդութեան համաշխարհային 31-րդ` հաւատքի ու բարեկամութեան ինչպէս նաեւ ողորմութեան օրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.