2016-07-12 14:08:00

Հայր Լոմպարտի ''Պիտի շարունակեմ ծառայել Եկեղեցւոյ''։


(Ռատիօ Վատիկան) 10 տարիներ անխոնջ ու նուիրեալ աշխատանքէ ու ծառայութենէ ետք Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտի կը պատրաստուի թողուլ իր Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէնի պաշտօնը։

Հայր Լոմպարտիին կը յաջորդէ` 1 օգոստոս 2016-էն սկսեալ Տիար Կրէկ Պուրքը։

Յիսուսեան միաբանութեան անդամ` Հայ Ֆետերիքօ Լոմպարտի այս առթիւ զրոյց մը ունեցաւ Ռատիովատիկանի հետ որուն մէջ բացայայտեց թէ իրեն համար այս փոփոխութիւնը անակնկալ մը չէր որովհետեւ ինք վաղուց պատրաստակամութիւն յայտնած է որ որեւէ ատեն որ պարագաները պահանջեն կը թողու իրեն յանձնուած այս պաշտօնը։ 

Զրոյցի ընթացքին Հայր Լոմպարտին խօսած է իր 10 տարիներու ընթացքին փորձառութեան մասին, դժուարութիւններուն որոնց հանդիպած է ու  տրամադրելիութեան որ իրեն ցուցաբերուած է ըլլայ Հռոմի Քուրիայի անդամներուն կողմէ ըլլայ միջազգային մամուլի լրագրողներու եւ գործիչներու կողմէ։

Խօսելով դժուար պահերու մասին Հայր Լոմպարտի նշած է Եկեղեցիէն ներս մանկամոլութեան հարցը ինչպէս նաեւ վատիկանեան գաղտնի թղթածրարներու գողութեան հարցը, հաստատելով թէ ինք միշտ աշխատած է ըսել ճշմարտութիւնը, հակառակ մարդկային տկարութիւններուն ու մարդկային սահմանափակումներուն, ջանալով միշտ օգնել լրագրողներուն ու հանրային կարծիքին աւելի յստակ պատասխաններ ունենալ։

Հայր Լոմպարտին ապա վստահեցուցած է որ օգոստոս մէկէն ինք չի քաշուիր աշխարհէն։ Պարզապէս, ըսած է ան, կը մտածեմ թէ ծառայութիւնը որ պիտի մատուցեմ տարբեր է. Ես չեմ մտածեր թոշակի ելլել։ Թոշակ բառը գոյութիւն չունի կրօնաւորի մը համար որ կը ջանայ միշտ ծառայել Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ իր բոլոր կեանքի ընթացին, ամէն օր։

Եթէ այլեւս լրագրողները չեն որ ինձմէ պատասխաններ կը սպասեն, գուցէ այլ հեռաձայներ կամ այլ յարաբերութիւններ կարիքը պիտի ունենան պատասխաններու զոր ես պատրաստ եմ միշտ տալու ամենայն սիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.