2016-07-12 09:39:00

Աստուածաշունչի սերտողութիւններ Պըրպենքի, Կլենտէյլի, Վեն Նայսի եւ Հոլիվուտի մէջ


ՊԸՐՊԵՆՔ.- Իրենց աւարտին հասած են այս տարուան առաջին կիսուն տեղի ուենցած Աստուածաշունչի սերտողութիւնները, հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի եւ կազմակերպութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքին:

Անոնք տեղի ունեցած են առաջնորդանիստ Սրբոց Ղեւնոդեանց Մայր տաճարի «Զօրայեան» թանգարանին, Կլենտէյլի Ս. Պետրոս, Վեն Նայսի Ս. Պետրոս եւ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ եկեղեցիներուն մէջ: Չորս շրջաններուն մէջ տարբեր նիւթեր քննարկելով, հաւատացեալները առիթը ունեցան առաւել եւս իրենց կապը, սէրը ու հաւատարմութիւնը սերտացնելու Աստուծոյ հետ:

Մասնակիցները առիթը ունեցան յաջորդաբար սերտելու Պօղոս առաքեալի կողմէ Կորնթոսի համայնքին գրուած Ա. նամակը՝ Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագին խորհուրդը, անոր կառոյցը, մասերը, մանրամասնութիւնները եւ գաղատացիներուն ուղղուած Պօղոս առաքեալի նամակի այն բաժինը, ուր առաքեալը կ՛անդրադառնայ Սուրբ Հոգիին։

Յաջորդ սերտողութիւնները պիտի սկսին Սեպետեմբեր 12-14ին:








All the contents on this site are copyrighted ©.