2016-07-11 10:09:00

Նախագահ Սարգսեան. ''Հարկ է ճանչնալ ԼՂ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը''


Հայաստանը, իբրեւ համագործակցային անվտանգութեան ջատագով, հաստատակամ է իր համեստ ներդրումը բերելու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան ամրապնդման ջանքերուն: Այդ մասին յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան` Վարշաւայի մէջ ելոյթ ունենալով Աֆղանիստանի մէջ «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան` ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ ոչ անդամ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու հանդիպումին ընթացքին:

ՕԹԱՆ-ի գագաթնաժողովի ծիրին մէջ տեղի ունեցող  հանդիպումին ընթացքին իր ելոյթով նախագահը նշած է, որ «բոլոր ներկաներուս այսօր կը միաւորէ բարեկամ աֆղան ժողովուրդին համար խաղաղութիւն, անվտանգութիւն եւ կայունութիւն ապահովելու անհրաժեշտութեան գաղափարը», Հայաստանի նախագահը ըսած է. «Սեպտեմբեր 2015-ին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Խաղաղապահութեան գագաթնաժողովին ընթացքին Հայաստանը լրացուցիչ յանձնառութիւններ ստանձնեց` նախապատրաստել երկրորդ աստիճանի դաշտային հիւանդանոց եւ ապահովել ինքնաշէն պայթուցիկ սարքերու վնասազերծման յատուկ վաշտի պատրաստակամութիւնը: Մենք վերահաստատած ենք մեր ներգրաւումը մինչեւ 130 զինուորականներով «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան կազմին մէջ եւ պատրաստ ենք շարունակելու նաեւ 2016 թուականէն ետք: Այս առնչութեամբ պէտք է յատուկ ընդգծեմ Գերմանիոյ հետ մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, որ իմ կարծիքով ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ գործընկեր երկիրներու փոխգործակցութեան լաւագոյն եւ ուսանելի օրինակներէն է»:

«Պատրաստակամութիւն յայտնած ենք նաեւ մասնակցելու ՕԹԱՆ-ի «Տեւական գործընկերութիւն» առաքելութեան, երբ անիկա կը փոխարինէ «Հաստատակամ աջակցութիւն» առաքելութեան: Այդ նպատակով Հայաստանը ներգրաւուած է Աֆղանիստանի մէջ ՕԹԱՆ-ի քաղաքացիական ժամանակաւոր ներկայութեան ծրագրաւորման գործընթացին», Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութեան փոխանցումով` նշած է նախագահ Սարգսեան:

Ընդգծելով, որ «Հայաստանը խաղաղութեան եւ անվտանգութեան աշխուժ ջատագով է նաեւ մեր շրջանին մէջ եւ մշտապէս հանդէս եկած է մեզի համար խիստ կարեւոր` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման դիրքերէն», ան շարունակած է. «Սոյն թուականի 16 մայիսին Վիեննայի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու բարձր ներկայացուցիչներու` Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարներու, Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերով  արտաքին գործոց նախարարներու մասնակցութեամբ հանդիպումին արդիւնքը միացեալ յայտարարութեամբ վերահաստատուեցաւ, որ տագնապը չի կրնար զինուորական լուծում ունենալ, եւ ընդգծուեցաւ 1994 թուականի զինադադարի եւ 1995 թուականի զինադադարի համակարգի ամրապնդման մասին անժամկէտ համաձայնագիրներու յարգման կարեւորութիւնը: Միաժամանակ յայտարարութեան մէջ ամրագրուեցաւ ԵԱՀԿ-ի կողմէ շփման գիծի զինադադարի խախտումները արձանագրող հետաքննութեան գործընթացի ներդրումը, ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչի կարողութիւններու ընդլայնումը: Այս մօտեցումը ամրապնդուեցաւ նաեւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած` Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներու եռակողմանի հանդիպումի արդիւնքի համապատասխան ընդունուած յայտարարութեան մէջ»:

«Ինչ կը վերաբերի Ազրպէյճանի նախագահին հնչեցուցած մեղադրանքներուն, տեղին չեմ նկատեր մեր այս հանդիպումը, ինչպէս նաեւ ՕԹԱՆ-ի հռչակագիրները արհեստականօրէն Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի քննարկման հարթակ դարձնելը. այդ պատճառով կայ մասնագիտացուած կառոյց: Պարզապէս պարտք կը նկատեմ ընդգծել, որ այսօր տագնապի խաղաղ լուծման գլխաւոր խոչընդոտը Ազրպէյճանի բարձր ղեկավարութեան վարած քաղաքականութիւնն է եւ հարցը խաղաղ ճանապարհով լուծելու կամքի բացակայութիւնը: Ատոր վառ ապացոյցն էր Ազրպէյճանի կողմէ ընթացիկ տարուան ապրիլին Լեռնային Ղարաբաղի հանդէպ սանձազերծուած լայնածաւալ բռնութիւնը, որ խոշոր հարուած հասցուց խաղաղ լուծման ուղղուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահողներու կողմէ իրականացուող ջանքերուն: Սթաթիւս քոն կը փոխուի, եթէ ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը», շեշտած է Հայաստանի նախագահը:








All the contents on this site are copyrighted ©.