2016-07-11 10:26:00

Միացեալ Նահանգներու բազմաթիւ քաղաքներու մէջ բողոքի ցոյցեր


Միացեալ Նահանգներու տարբեր քաղաքներու մէջ Մինիսոթայի եւ Լուիզիանայի դէպքերուն` ոստիկաններու կողմէ սեւամորթներու սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին:

Մինիսոթայի մէջ ճամբաները փակուեցան եւ ոստիկանութեան դէմ պայթուցիկներ, շիշեր ու քարեր նետուեցան, մինչ Լուիզիանայի Պաթոն Ռուժ շրջանին մէջ «Նոր Սեւ Յովազ» կուսակցութեան զինեալ անդամներ պատուար կազմած` ոստիկաններուն դիմաց կանգնեցան: Լուիզիանայի օրէնքները կ՛արտօնեն հրապարակաւ զէնք կրելը: Պաթոն Ռուժի մէջ հինգերորդ իրերայաջորդ գիշերն է, որ ցոյցեր տեղի կ՛ունենան:

Տասնեակներով ձերբակալութիւններ կատարուեցան, սակայն հաւաքները ընդհանուր առմամբ խաղաղ էին:

Սեւամորթ զինեալի մը կողմէ հինգ ոստիկաններու սպանութեան թատերաբեմ դարձած Տալլասի մէջ եւս կացութիւնը կը շարունակէ մնալ լարուած: Ոստիկանատուներու մէջ ապահովական միջոցառումները ամրապնդուեցան` երբ անոնք սպառնալիքներ ստացան:

Քանի մը հարիւր ցուցարարներ Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Ֆրեզնոյի մէջ ճամբաներ ու կամուրջներ փակեցին, հարիւրաւոր ուրիշներ ցոյց կատարեցին  Ուեսթ Փալմ Պիչի, Ֆորթ Լոտըրտէյլի եւ Մայամիի մէջ:

Նիւ Եորքի մէջ առնուազն 20 անձեր ձերբակալուեցան, մինչ հարիւրաւոր ցուցարարներ Մանհաթընի մէջ քայլաշաւ կը կատարէին: Քայլարշաւ կատարուեցաւ նաեւ Ֆիլատելֆիայի մէջ:

Այլ ցոյցեր տեղի ունեցան Նաշվիլի, Ինտիանափոլիսի եւ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Վարշաւիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովի ծիրին մէջ յայտնեց. «Այս շաբաթը որքան ալ ցաւալի եղաւ, ես ամրօրէն կը հաւատամ, որ Ամերիկան պառակտուած չէ, ինչպէս ոմանք կը պնդեն»:








All the contents on this site are copyrighted ©.