2016-07-11 10:18:00

Փորթուգալ պատմութեան մէջ առաջին անգամ դարձաւ Ֆութպոլի Եւրոպայի ախոյեան։


Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի ճակատումը, հիւրընկալ երկրին` Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի միջեւ:

Ճիշդ ամիս մը տեւած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին աւարտեցաւ, երբ Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզի Սթատ տը Ֆրանս-ի դաշտին մէջ, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Փորթուգալ 1-0 արդիւնքով յաղթեց դաշտին տիրոջ` Ֆրանսայի:

Նկատի ունենալով, որ մրցումին 90 վայրկեանները աւարտեցան 0-0 արդիւնքով, մրցումը երկարաձգուեցաւ:

Երկարաձգման երկրորդ բաժինին ընթացքին, Էտեր, մեծ քառակուսիէն դուրս, ուժգին հարուածով մը, 109-րդ վայրկեանին նշանակեց Փորթուգալի կոլը, որուն դիմաց ոչինչ կրցաւ ընել Ֆրանսայի բերդապահ` Հիւկօ Լլորիս:

Այսպիսով, Փորթուգալ, յաջողեցաւ տիրանալ այս մրցաշարքին տիտղոսին, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով:

Նշենք, որ նախքան աւարտականի այս մրցումը տեղի ունեցաւ մրցաշարքին փակման հանդիսութիւնը, որուն ընթացքին կիրարկուեցաւ գեղարուեստական բաւական ճոխ յայտագիր մը:

“Ազդակ”








All the contents on this site are copyrighted ©.