2016-07-09 12:24:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը ի լուր Կարդինալ Փիովանելլի մահուան։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 9 յուլիս 2016-ի առաւօտեան, իր հոգին աւանդեց առ Հայր 92 ամեայ Կարդինալ Սիլվանօ Փիովանելլի` Ֆիրենցէ քաղաքի երբեմնի արքեպիսկոպոսը (1983-2001)։

Անոր մահուան ի լուր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Ֆիրենցէի Արքեպիսկոպոս` կարդինալ Ճուզփփէ Պեթորէին որուն մէջ յայտնած է իր ցաւը ի լուր կարտինալ Փիովանելլի մահուան ապա իր մօտիկութիւնը վստահեցուցած է Ֆիրենցէ թեմին հասարակութեան եւ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն։

Սրբազան Քահանայապետը նշած է հուսկ երջանկայիշատակ կարդինալ Փիովանելլի մատուցած հաւատարիմ եւ նուիրումի ծառայութիւնը եկեղեցւոյ, ըլլայ որպէս քահանայ, ըլլայ որպէս եպիսկոպոս ապա իր աղօթքը բարձրացուցած է առ Աստուած որպէսզի այս իր հաւատարիմ ծառան ու վեհանձն հովիւը ընդունի երկնային Երուսաղէմի մէջ։

Սրբազան Քահանայապետը հուսկ իր առաքելական օրհնութիւնը շնորհած է կարդինալ Պեթորէին, Ֆիրենցէի եկեղեցւոյ ու բոլոր անոնց որոնք ճանչցան ու սիրեցին ու յարգեցին ննջեցեալ կարդինալը։

Կարդինալ Փիովանելլի մահով կարդինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 212-ին որոնցմէ 112 քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով կարդինալներ մինչ 100 ոչ ընտրող։








All the contents on this site are copyrighted ©.