2016-07-09 10:01:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Արժանթինի անկախութեան 200-րդ ամեակի առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 9 Յուլիսին կը նշուի Արժանթինի անկախութեան 200-րդ ամեակը (8 Յուլիս 1816)։ Այս կարեւոր յոբելեանի նախօրեակին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է Արժանթինի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ` գերապայծառ Խօսէ Մարիա Արանչետոին որուն մէջ իր ողջոյնի խօսքը եւ պատգամը ուղղած է երկրի եպիսկոպոսներուն, կառավարական իշխանութիւններուն եւ Արժանթինի ժողովուրդին։

Նամակին մէջ Սրբազան Քահանայապետը գրած է

Սիրեցեալ եղբայր, անկախութեան երկուհարիւրամեակի տօնակատարութեան նախօրեակին, կը փափաքիմ իմ սիրալիր ողջոյնս հասցնել քեզի, եղբայր եպիսկոպոսներուս, ազգային իշխանութիւններուն ու համայն Արժանթինի ժողովուրդին։

Կը բաղձամ  որ այս տօնակատարութիւնը մեզ դարձնէ աւելի զօրաւոր­, երկու հարիւր տարիներ առաջ մեր նախահայրերուն ընտրած ճանապարհին վրայ։ Իմ այս մարթանքներովս կ՛ուզեմ բոլոր Արժանթինցիներուն յայտնել իմ մօտիկութիւնս ու վստահեցնել անոնց իմ աղօթքներս։

Եւ յատուկէն կ՛ուզեմ մօտիկ ըլլալ անոնց որոնք կը տառապին, հիւանդները, թշուառութեան մէջ ապրողները, բանտարկեալները, ու առանձնութեան մէջ ապրողները, անոնք որոնք զուրկ են աշխատանքէն ու կը տառապին չքաւորութենէ, անոնք որոնք թիրախ են մարդավաճառութեան ու մարդկային չարաշահումին, անչափահասները որոնք զոհ են պղծութեան ու բազմաթիւ երիտասարդները որոնք կը տառապին թմրեցուցիչի ախտի պատճառաւ։ Ամէն ասոնք կը կռեն  ծայրայեղ իրականութեան մը ծանր բեռը։ Հայրենիքի խոցուած զաւակներ։ Այո՛ Հայրենիքի զաւակներ։ Դպրոցին մէջ մեզի կը սորվեցնէին խօսիլ Մայր Հայրենիքի մասին եւ սիրել Մայր հայրենիքը։ Ասոր մէջ է ահա որ արմատաւորուած է պատկանելիութեան հայրենասիրական իմաստը. Սէր Մայր Հայրենիքը, գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ իր պատգամին մէջ ապա մատնանշած է երկու հարիւր տարիներու ճանապարհորդութեան որ աւելի անդին կ՛երթայ երկրի մը սահմաններէն, դէպի Մեծ Հայրենիք` հայրենիքը որ երազած են Սուրբ Մարթինը եւ Պոլիվարը։

Սրբազան Հայրը ապա  հաստատած է  թէ ''այս իարականութիւնը մեզ կը միացնէ ընդարձակ հորիզոններով ընտանիքի մը ներքոյ եւ եղբայրական հաւատարմութեան մէջ'', ապա հրաւէր ուղղած է աղօթելու այդ մեծ հայրենիքին համար որպէսզի Տէրը զայն պահպանէ ու զայն դարձնէ աւեի հզօր, աւելի եղբայրական. ու զայն պաշտպանէ որեւէ տեսակ գաղութացումէ։

Այս երկու հարիւր տարիներու հիման վրայ, մեզմէ կը խնդրուի շարունակել ուղեւորութիւնը ու դէպի առջեւ նայիլ։ Այս կատարելու հանար կը մտաբերեմ յատկապէս տարեցներն ու երիտասարդները ու կարիքը կը զգամ անոնցմէ հայցել օգնութիւն որպէսզի կարենանք շարունակել մեր ուղեւորութիւնը, գրած է հուսկ Նորին Սրբութիւնը ու  ''Տարեցներէն, պատմութեան յուշերը պահպանողներէն'', խնդրած է ''որ յաղթահարելով մնացորդացի մշակոյթը, որ համաշխարհային գետնի վրայ  կ՛ուզեն մեզի  պարտադրել, քաջութիւնը ունենան երազելու։ Մենք կարիքը ունինք անոնց երազներուն որոնք աղբիւր են ներշնչումի'' նշած է Սրբազան Պապը ու խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն անոնցմէ խնդրած է ''որ իրենց գոյութիւնը չի սահմանափակեն ''բիւրոկրադական'' անշարժութեան ներքոյ, ուր կը կուտակուին խաբկանքով լի ու հերոսութենէ զուրկ բազմաթիւ առաջարկներ։

''Ես վստահ եմ որ մեր հայրենիքը պէտք ունի կենդանի դարձնելու Հովել մարգարէին մարգարէութիւնը։ Միայն եթէ մեր մեծ հայրերը քաջութիւնը ունին երազելու ու մեր երիտասարդները մարգարէանալու վեհանձն իղձեր, մեր Հայրենիքը կրնայ ազատ ըլլալ։

Մենք կարիքը ունին երազկոտ տարեցներու որ մեզ մղեն յառաջ ու երիտասարդներու որոնք, ներշնչուած այդ երազներէն, վազէն դէպի առջեւ` ստեղծագործական  մարգարէութեամբ'' գրած է հուսկ Ֆրանչիսկոս  Պապը իր պատգամին աւարտին,  հայցելով Աստուծմէ, մեր Հայրը ու մեր Տէրը, որ օրհնէ Հայրենիքը, օրհնէ բոլորը, ապա Լուժանի Տիրամայրը, մեր Մայրը, պահապան կանգնի մեր այս ուղեւորութեան։ 

Նորին Սրբութիւնը պատգամը եզրափակած է խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար ապա իր ստորագրութիւնը զետեղած է գրելով ''Եղբայրաբար - Ֆրանչիսկոս''։








All the contents on this site are copyrighted ©.