2016-07-09 08:37:00

Հալէպի զոհերուն թիւը հասաւ 30-ի


Ուրբաթ 8 Յուլիսի առաւօտեան վաղ ժամերէն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով զինադադարը, հրթիռակոծել սկսան Հալէպի զանազան թաղամասերը։Առաւօտեան ժամը 6:30-ին հրթիռ մը ինկաւ Ազիզիէ շրջանին մէջ, այնուհետեւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի պետական համալսարանի հանրակացարանի հրապարակը, Ֆըրքան, Մաշարքա, Շէհպէէ Ռոզ, Մերիտիէն, Նոր Գիւղ շրջանները։ Այս մասինՀայերն այսօրին կը յայտնէ Գանձասարի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեան:

Ներկայ տուեալներով արձանագրուած է 30 զոհ, 100 վիրաւոր, որոնց մեծամասնութիւնը երեխաներ են։ Վիրաւորները փոխադրուած են Ալ Ռազի հիւանդանոց։








All the contents on this site are copyrighted ©.