2016-07-09 08:40:00

ԱՄՆ. Ոստիկաններու կողմէ 2 սեւամորթներու սպանութենէն ետք՝ այլ զոհեր Տալլասի մէջ


ՏԱԼԱՍ, Թեքսաս, «Ռոյթըրզ».- Վերջին քանի մը օրերուն, անգամ մը եւս իր գլուխը ցցած ոստիկանական բռնութեանց ախտը ամբողջ երկրին ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրեց, երբ այդ բռնութեանց դէմ Հինգշաբթի, Յուլիս 7ին, Տալասի մէջ կազմակերպուած բողոքի խաղաղ ցոյցի մը աւարտին զինեալ մը (կամ զինեալներ) կրակ բացաւ խումբ մը ոստիկաններու վրայ, սպաննելով անոնցմէ հինգը եւ վիրաւորելով 7 ուրիշներ։

Ոստիկանութիւնը աւելի ուշ կանգառի մը մէջ շրջապատեց զինեալը եւ երկար բանակցութիւններու աւարտին, Յուլիս 8ի կանուխ ժամերուն, ականուած մարդամեքենայով մը սպաննեց զինք։

Երեք այլ կասկածելիներ ձերբակալած ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ զինեալը զայրացած էր ոստիկաններու կողմէ սեւամորթներու սպանութիւններէն եւ այդ պատճառով այս արարքին դիմած էր։

Նշենք, որ ոստիկանութեան բռնութեանց դէմ խաղաղ ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ։

Ցոյցերուն դրդապատճառը այս շաբթուան ընթացքին Լուիզիանայի եւ Մինիսոթայի մէջ ոստիկաններու կողմէ երկու սեւամորթներու սպանութիւնն էր։








All the contents on this site are copyrighted ©.