2016-07-08 09:48:00

Օպամա եւ Փութին քննարկած են Արցախի հակամարտութիւնը


ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Յուլիս 6ին հեռաձայնային զրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ՝ «քննարկելու համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցով նախագահ Փութինի Յունիս 20ի հանդիպումը՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ», կը հաղորդէ Սպիտակ տան պաշտօնական կայքը:

«Նախագահ Օպամա իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց՝ Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ միասին, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ, աշխուժացնելու ջանքերը՝ հասնելու համար հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման», գրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Իր կարգին, Քրեմլինի պաշտօնական կայքը կը տեղեկացնէ. «Վլատիմիր Փութին ընդգծեց, որ բանակցութիւնները կազմակերպուած էին հակամարտութեան գօտիին մէջ իրավիճակին շուտափոյթ կայունացումը ապահովելու եւ խաղաղութեան գործընթացի յառաջխաղացքին համար յարմար պայմաններ ստեղծելու համար: Պարաք Օպամա բարձր գնահատական տուաւ Ռուսիոյ ձեռնարկած ջանքերուն: Համաձայնուեցաւ շարունակել այդ կարեւոր ուղղութեամբ համատեղ աշխուժ աշխատանքը՝ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս»:

Երկու նախագահները քննարկած են նաեւ Սուրիոյ, Ուքրանիոյ եւ այլ տագնապներ:








All the contents on this site are copyrighted ©.