2016-07-08 09:27:00

Չորս հազարէ աւելի Քանատացի երիտասարդներ դէպի Քրաքովիայի երիտասարդաց հաւաք


(Ռատիօ Վատիկան) Քրաքովիայի մէջ նշուելիք  երիտասարդութեան 31-րդ համաշխարհային օրուան առթիւ, չորս հազար քանատացի երիտասարդներ արդեն արձանագրուած են ու կը պատրաստուին մեկնիլ Լեհաստան` Քանատացի Ինը եպիսկոպոսներէ կազմուած մէկ պատուիրակութեան գլխաւորութեամբ։

''Երանի ողորմածներուն որովհետեւ ողորմութիւն պիտի գտնեն'' բնաբանով Քրաքովիայի մէջ կազմակերպուած այս համաշխարհային 31-րդ հաւաքի ծիրէն  ներս երիտասարդ ուխտաւորները առիթը պիտի ունենան մասնակցելու Լեհաստանի թեմերու կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկներուն որոնց շարքին նշենք ազգային արարողութիւնը որ տեղի կ՛ունենայ 26 Յուլիսին` Ամենասուրբ Կոյս Մարիամի ծնողաց եւ Յիսուսի Մեծ մօր ու Մեծ հօր` Աննայի եւ Յովակիմի տօնին առթիւ։

Յայտնենք թէ վերոնշեալ համաշխարհային հաւաքին իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որ`  27 – 31 Յուլիս 2016-ին առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնի Լեհաստան։








All the contents on this site are copyrighted ©.