2016-07-07 10:52:00

Օպաման պատրաստակամ է ՌԴ-ի հետ աշխուժացնելու ԼՂ խնդիրին կարգաւորման ուղղութեամբ ջանքերը։


ԱՄՆ-ի նախագահ Պարաք Օպաման Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կայացած հեռախօսազրոյցի մը ընթացքին պատրաստակամութիւն յայտնած է  Ռուսիոյ հետ աշխոյժացնելու ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին կարգաւորման ուղղութեամբ: Այս մասին, ըստ Yerkirmedia.am-ի, ըսուած է երկու ղեկավարներու բանակցութիւններուն վերաբերեալ Սպիտակ տան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

«Նախագահ Օպաման պատրաստակամութիւն յայտնած է Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի` իբրեւ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ)` Մինսկի խմբակի համանախագահներու հետ աշխոյժացնելու ջանքերը` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան համապարփակ կարգաւորման հասնելու նպատակով»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Նախապէս Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը հաղորդած էր, որ Փութինը հեռախօսով Օպաման` իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի (Ռուսիա, ԱՄՆ, Ֆրանսա) համանախագահ երկրի ղեկավար՝ իրազեկած էր Յունիս 20-ին Ս. Փեթերզպուրկի մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներ Իլհամ Ալիեւի եւ Սերժ Սարգսեանի հետ կայացած  եռակողմ հանդիպման արդիւնքներուն մասին: Երկու պետութիւններու ղեկավարներուն միջեւ զրոյցը կայացած է ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:

«Փութինը ընդգծած է, որ բանակցութիւններ կազմակերպելով Ռուսիան հիմք ընդունած է հակամարտութեան գօտիին վրայ իրադրութեան շուտափոյթ կայունացման աջակցելու եւ հաշտութեան գործընթացի առաջշարժման համար պայմաններ ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

«Պարաք Օպաման բարձր գնահատական տուած է Ռուսիոյ ձեռնարկած ջանքերուն: Համաձայնութիւն եղած է ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի ծիրէն ներս շարունակելու համատեղ աշխոյժ աշխատանքը այդ կարեւոր ուղղութեամբ»,- ՏԱՍՍ լրատուական գործակալութեան հաղորդած են Քրեմլի մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.