2016-07-07 10:12:00

Գերապ. Մինասեան. Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան այցելութիւնը ոգեւորիչ եւ յուսալից էր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը արդեն վերադարձած է Վատիկան, սակայն անոր թողած հետքերէն այնպէս կը թուի որ Ինք տակաւին Հայաստան կը գտնուի''։ Այպէս արտայայտուեցաւ  Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսիոյ ու Արեւելեան Եւրոպայի Հայ կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհիապատիւ Ռաֆայէլ Արքեպիսկոպոս Մինասեան, Ռատիովատիկանի հայկական բաժնի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին հայող` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին անցեալ Յունիսի վերջաւորութեան Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութեան։

Գերապայծառ Մինասեան անդրադարձաւ Սրբազան Քահանայապետի Հայաստանի մէջ արտասանած պատգամներուն, համամիութեան երեւոյթին, ինչպէս նաեւ առաքելական ճամբորդութենէ յառաջացած յոյսերուն։

''Հայ Ժողովուրդը մեծ խանդավառութեամբ ընդունեց Սրբազան Քահանայապետը եւ ոգեւորութեամբ ու յոյսով  տակաւին կը խօսի այդ այցելութեան մասին'' յայտնեց գերապայծառ Մինասեան իր կարգին մաղթանք յայտնելով որ Նորին Սրբութեան Հայաստան կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը դառնայ պտղաբեր ու ըլլալ սերմ սիրոյ, յոյսի եւ միասնութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.