2016-07-06 09:15:00

Քոլոմպիայի եպիսկոպոսները. գթասրտութիւն, ներառումը եւ ներումը խաղաղութեան սիւներն են։


(Ռատիօ Վատիկան) Քոլոմպիայի եպիսկոպոսներու  համահաւաք դասի նախագահ գերապայծառ Լուիս Աուկուսթօ Քասթրօ Քիրոկա, բացումը կատարելով Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 101-րդ լիագումար նիստին, հաստատած է թէ ''Գթասրտութիւն, ներառումը եւ ներումը խաղաղութեան սիւներն են''։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի աշխատանքները սկիզբ առին 4 յուլիսին եւ վերջ կը գտնեն ուրբաթ 8 յուլիսին։ Ժողովը գումարուած է երկրի պատմական մէկ շրջանի մը ընթացքին, անցեալ 23 յունիսին, չորս տարիներու բանակցութիւններէ ետք, երկրի կառավարութիւնը եւ յեղափոխական զինեալ խմբաւորումներու միջեւ ստորագրուեցաւ խաղաղութեան համաձայնութիւն մը որ վերջ դրաւ 50 տարիներու հակամարտութիւններուն։ Այս առնչութեամբ Գերապայծառ Քիրոկա իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ ''խաղաղութեան աստուածաբանութեան'' մասին որ, ըսաւ Ան, հիմնուած է թշնամիին նկատմամբ սիրոյ վրայ, ներումին վրայ որ կը կանխէ զղջումը եւ անբռնաբար պատասխանն է ատելութեան։

Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ ինչ ըսել է սիրել մեր թշնամիները, ըսաւ գերապայծառ  Քիրոկա, այսինքն ունենալ գթասիրութեան քաղաքականութիւն որ զօդուած է ներառումի քաղաքականութեան։ Ներումի միջոցաւ Քոլոմպիացիները հրաւիրուած են վերջ դնելու ''ոխերմութեան հոգեկանութեան''  յիշելով թէ խաղաղութիւնը պէտք է ըմբռնել իրաւական գետնի վրայ, եւ այս առընչութեամբ,­ շարունակեց գերապայծառ Քիրոկա, խաղաղութիւնը կարիքը ունի նուիրումի եւ Քոլոմպիացիները կանչուած են կառուցելու խաղաղութիւնը, զարգացնելով ներումը եւ հաշտութիւնը, դատապարտելով անարդարութիւնները եւ վերարծարծելով արդարութիւնը եւ կիրարկելով ապա-բռնութիւնը։

Գերապայծառ Քիրոկա ապա հաստատեց թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ դերը` ''հսկել'' է ու խաղաղութեան դերակատար դառնալ է եւ այս առընչութեամբ շեշտեց թէ խաղաղութեան կառուցումը հսկայական ջանքի կը կարօտի, եւ թէ պէտք է ի գործ դրուի հետեւելով Յիսուսի ուսուցումներուն։

Իր զրոյցի աւարտին Քոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահը կոչ ուղղեց Երկրի նախագահ` Խուան Մանուել Սանթոսին որպէսզի երաշխաւորէ խաղաղութեան մանկավարժութիւն մը, օգնութեան հասնաելու համար բոլոր այն երախաներուն որոնք զինուորագրուած էին եւ կը մարտնչէին զինեալ խմբաւորումներու շարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.