2016-07-06 09:28:00

Հայաստան կը սգայ Էլի Վիզելի մահը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 5 յուլիսին ցաւակցական հեռագիր յղած է Նոպէլեան մրցանակակիր, «Աւրորա» միջազգային մարդասիրական մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբի համանախագահ, մարդասէր Էլի Վիզելի մահուան առիթով:

«Վերապրելով հոլոքոստը` ան իր ամբողջ կեանքը անցուց պայքարելով անարդարութեան, անհանդուրժողականութեան եւ անտարբերութեան դէմ: Մենք բարձր կը գնահատենք Էլի Վիզելիի ներդրումը անցեալին կատարուած ցեղասպանութիւններու մասին բարձրաձայնելու եւ «Այլեւս երբեք» կարգախօսին հաւատարիմ` նման սարսափելի յանցագործութիւններէն զերծ ապագայ կերտելու գործին մէջ: Անուրանալի են անոր հետեւողական ջանքերը` միտուած Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման: Հաւատացած եմ, որ Էլի Վիզելի արդարութեան կոչերը կը յաւերժանան` իրենց արձագանգը գտնելով նաեւ ցեղասպանութիւններու նախատիպ դարձած Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւերուն մէջ` իբրեւ այդ յանցագործութեան կանխարգիլման նուազագոյն անհրաժեշտ միջոց», նշուած է նախագահին հեռագիրին մէջ:

Սերժ Սարգսեան մեծ պատիւ նկատած է այն, որ Էլի Վիզելը դարձած է «Աւրորա» մարդասիրական միջազգային մրցանակաբաշխութեան ընտրող յանձնախումբին համանախագահ:

«Ատիկա եւս մէկ քայլ էր` ուղղուած անտարբերութեան վերացման: Հայաստանի Հանրապետութիւնը այս եւ այլ նման նախաձեռնութիւններով պիտի շարունակէ մնալ ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ միջազգային պայքարի առաջամարտիկներու շարքին», նշած է նախագահը` աւելցնելով, որ, ինչպէս Էլի Վիզելի աւանդը համամարդկային է, այնպէս ալ համամարդկային է անոր կորուստը:

«Մեզի համար հարազատ դարձած այս անունը ընդմիշտ պիտի մնայ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի բարեկամներու շարքին», գրուած է հեռագիրին մէջ:

Էլի Վիզելի մահուան առիթով ցաւակցագիր յղած են նաեւ «Աւրորա» մրցանակի համահիմնադիրները.

«Էլի Վիզելը հաւատաւոր, իմաստուն, կարեկից եւ զօրեղ անհատականութիւն էր` մարդկութեան ամէնէն առաքինի կողմերու մարմնաւորումը: Ի հեճուկս վերապրած բոլոր արհաւիրքներուն` անոր կեանքը խաղաղութեան ու փոխըմբռնումի առաքելութիւն մըն էր, որ ոգեշնչման աղբիւր դարձաւ աշխարհին համար: Ան ապրեցաւ այն հաւատքով, որ չկայ ու չի կրնար ըլլալ չէզոքութիւն ու անտարբերութիւն, երբ շուրջդ ոճիր է, երբ մարդիկ կը տառապին, երբ մարդկութեան մարդկայնութիւնը հարուածի տակ է ու վտանգուած:

Մեզի` Հայոց ցեղասպանութեան վերապրողներու սերունդներուս համար, անոր կեանքի ուղերձն ու ընկերութիւնը խորապէս իմաստալից էին: Էլի Վիզելը հայութեան մեծ ջատագով էր, որ խիզախութիւն  ունեցած էր ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը` իբրեւ մարդկային տառապանքներու` մարդու հանդէպ մարդու անմարդկայնութեան դարաւոր շղթայի մէկ մաս:

Մենք կը յարգենք եւ կ՛ընդունինք անոր փորձառու առաջնորդումը, կը գնահատենք անոր խանդավառ ներդրումը «Աւրորա» մրցանակի կազմակերպման ու զարգացման գործին մէջ: Իրապէս` ան մէկն էր, որ իր ապրած կեանքով մարդկայնութիւն կ՛արթնցնէր բոլորիս հոգիներուն մէջ` իր խօսքով ու գործով: Անոր հետ աշխատիլը պատիւ էր:

«Աւրորա» մրցանակի անունով մենք մեր աղօթքն ու զօրակցութիւնը կը բերենք Էլի Վիզելի կնոջ ու ընտանիքին, միջազգային մարդասիրական հանրութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք եղած են անոր գործունէութեան շրջագիծին մէջ»:

Նշենք, որ 1986 թուականին Էլի Վիզելը Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա լերան քառասուն օրերը» վէպին համար ներածական գրած էր` 1915-ի դէպքերը կոչելով «20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւն»: Իսկ 2000-ին, Վիզելը Ողջակիզումի 125 հետազօտողներու հետ ստորագրած էր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը պատմական անհերքելի փաստ








All the contents on this site are copyrighted ©.