2016-07-06 09:51:00

Գրիգոր Գ Պատրիարք.՝՝Միայն հոգեւորականութեան ուղեկցութիւն մը կը տանի խաղաղութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Լոկ՝ հոգեւոր ուղին է, որ մեզ կ՝առաջնորդէ դէպի  ապահովութիւն , հաշտութիւն , սէր ինչպէս նաեւ խաղաղութիւն՝ մեր արաբական երկիրներուն մէջ, յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի, Պաղեստինի եւ Լիբանանի մէջ, յայտնած է Անտիոքի  եւ համայն Արեւելքի Մելքիթներու Գրիգիոր Գ Պատրիարքը  էլ Ֆըթրի տօնին առիթով մահմետականներուն ուղղած իր մէկ պատգամին մէջ։

 ՝՝Այս տարի Իիտ էլ Ֆըթրի տօնը կը զուգադիպի այն ժամանակամիջոցին , ուր  ամէն օր կը ստանանք ողբերգական եւ տխուր լուրեր։ Այս տխուր մթնոլորտին մէջ է որ մեր շնորհաւորութիւնները կը յայտնենք մահմետականներուն՝ ­ մեր քաղաքացիական, պատմական, ինչպէս նաեւ ճակատագրական  եղբայրներուն''։ Գրած է Գրիգոր Գ մելքիթներու Պատրիարքը , ըստ որուն, այսօր՝ աւելի քան երբեք, բոլորս՝ քրիստոնեաներ ու մահմետականներ կարիքը ունինք   հոգեւորականութեան մը , որպէսզի մեզ առաջնորդէ   ատելութիւնէն  դէպի ողորմածութիւն, ողորմածութենէն դէպի Աստուծոյ սիրտ, որովհետեւ Աստուած Սէր է։

Մելքիթներուն Պատրիարքը,  մահմետականներու յղած պատգամը աւարտած է գրելով՝՝Լոկ այս հոգեւոր ուղին է, որ մեզ կը տանի վերակառուցելու մեր երկիրները, որոնք կը գտնուին   Ֆիզիքական եւ հոգեւոր սպառնալիքի լուծին տակ''։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.